Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Քլինթընին Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազրպէյճանական Յարձակումները Դատապարտելու

Քեն Խաչիկեան

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի նախագահ Քեն Խաչիկեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին յղած է նամակ մը, որուն մէջ անոր կոչ կ՛ուղղէ` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող յարձակումները, որոնք զուգադիպած են Քլինթընի կովկասեան այցելութեան:

Քլինթընին ուղղուած նամակին մէջ կը նշուի, որ ազրպէյճանական յարձակումը, բացի անկէ, որ մարդկային ողբերգութեան պատճառ դարձաւ, նաեւ ստոր յարձակում է շրջանին մէջ ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն դէմ:

Հայ դատի մարմինը Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ չսահմանափակուելու «բռնութիւն կիրարկելէ ձեռնպահ մնալու մասին չէզոք յայտարարութիւններով, որոնք ընդհանրական կոչեր են` ուղղուած բոլոր կողմերուն», այլ դատապարտելու հայերուն դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը»:

Յատկանշական է, որ ամերիկացի շարք մը քոնկրեսականներ, մասնաւորաբար, Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ նոյն խումբի անդամ Հաուըրտ Պըրման դատապարտած են Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմի գործադրած գործողութիւնները: Վերջիններս իրարմէ անջատ յայտարարութիւններով կատարուածին առնչութեամբ նոյն դիրքորոշումը արտայայտած են:

Փալոն իր յայտարարութեան մէջ Քլինթընի կոչ ուղղած է` ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Պաքուի մէջ յստակ եւ խիստ դիտողութիւն տալու Ազրպէյճանին` զգուշացնելով, որ Միացեալ Նահանգները նման տեսակի բռնութիւններ պիտի չհանդուրժեն եւ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկեն:

Էտըմ Շիֆ իր կարգին առաջարկած է կիրարկել 907-րդ օրէնքը եւ այլեւս Ազրպէյճանին որեւէ օգնութիւն կամ զէնք չտրամադրել, որպէսզի անիկա հետագային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դէմ չօգտագործուի:

Նշենք, որ Քլինթըն Երեւանի մէջ Ազրպէյճանի ուղղուած քննադատութիւն չկատարեց:

 

Share this Article
CATEGORIES