18 Յունիսին Նալբանդեան – Մամետեարով Հանդիպում. «Քանի Տակաւին Տագնապը Լուծուած Չէ, Նման Միջադէպերը Պիտի Շարունակուին» Կ՛ըսէ Մամետեարով
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 18 յունիսին Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ունենան:
Ան նշած է, որ շփման գիծին վրայ մարդկային կորուստները բացասաբար պիտի ազդեն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ:
«Քանի տակաւին տագնապը լուծուած չէ, նման միջադէպերը, ցաւօք, պիտի շարունակուին, այդ իսկ պատճառով մենք Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք` աշխատանքներ սկսելու խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ», ըսած է Մամետեարով` աւելցնելով, որ Փարիզի մէջ Ազրպէյճան «պիտի փորձէ հայկական կողմին համոզել սթաթիւս քոյի պահպանման անընդունելիութեան մասին»:
«Մենք կը գիտակցինք, որ այս նիւթը բաւական զգայուն է, եւ հակամարտող կողմերը, ինչպէս նաեւ միջազգային միջնորդները պէտք է այս ձգձգուող տագնապի լուծման ուղիներ որոնեն», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը:


