Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Ճափոն

Նախագահ Սարգսեան կը յարգէ ցունամիի զոհերուն յիշատակը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ճափոն: Նախագահ Սարգսեան նախ Սենտայ քաղաքին մէջ այցելեց «Եուրիակէ-Հիյորիյամա» յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց 2011 թուականին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին եւ ցունամիին պատճառով զոհուածներու յիշատակին:

Հանրապետութեան նախագահը իր եւ հայկական պատուիրակութեան անունով ողջունեց աղէտէն տուժած Սենտայի բնակիչները եւ անոնց փոխանցեց հայ ժողովուրդի համակրանքը: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երախտապարտ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած բարեկամ Ճափոնի օգնութիւնը եւ ջերմ վերաբերմունքը, երբ 1988 թուականին Հայաստան մեծ դժուարութիւններէ կ՛անցնէր` միաժամանակ յաղթահարելով աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները:

Սենտայի մէջ նախագահ Սարգսեանին ներկայացուեցան նաեւ ցունամիի պատճառով աւերուած օդակայանին մէջ իրականացուած վերականգնողական աշխատանքները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ Սենտայէն մեկնեցաւ Թոքիօ, ուր այսօր պիտի սկսին անոր հանդիպումները Ճափոնի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES