Ազրպէյճան Կրկին Կը Խախտէ Հայաստանի Սահմանը` Տալով 5 Զոհեր
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 4-էն 5 յունիսի լուսցող գիշերը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, շարունակելով նախանցեալ օր իրենց ձեռնարկած սադրիչ գործողութիւնը, փորձած են կրկին խախտել Հայաստանի պետական սահմանը. Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղին մօտ Ազրպէյճանէն փորձած է հայկական տարածք ներխուժել 15-20 հոգիէ բաղկացած զինեալ հետախուզական խմբաւորում մը:
Հայ դիրքապահներու զգօնութեան շնորհիւ հետախուզական խումբը յայտնաբերուած է եւ ձեռնարկուած յատուկ նախաձեռնութիւններուն իբրեւ արդիւնք վնասազերծուած: Ըստ նախնական տուեալներուն, ազրպէյճանական կողմէն կան հինգ զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Հետախուզական խումբի միւս անդամները յաջողած են փախչիլ: Անոնք իրենց հետ տարած են զոհերու դիակները եւ վիրաւորները:
Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

