Հանդիպում Մարոնիներու Պատրիարքին Պշարա Ռայի Հետ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Հանդիպումի ընթացքին լայն քննարկումի ենթարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմի ընդհանուր հարցերը: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, երկրի անդորրութիւնը եւ Լիբանանը շրջանային ազդեցութիւններէն հեռու պահելու հրամայականը: Այս ուղղութեամբ մարոնի պատրիարքը բարձր գնահատեց Լիբանանի հայութեան չափաւոր եւ դրական կեցուածքները երկրի ամբողջականութեան, համայնքներու գոյակցութեան եւ ուժի լեզուն մերժելու համոզումին կապակցաբար:
Ռայի պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան` ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դնելով թուրք ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներու մթնոլորտին մէջ:
Հանդիպումի աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց. «Պատրիարք հօր հետ մեր տեսակցութիւնը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս շեշտելու Լիբանանի դէմ ցցուող հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը, բան մը, որուն ջատագովն է Ռայի պատրիարքը: Կարծիքներու նոյնութիւն գոյութիւն ունի լիբանանեան ներքին տագնապները լուծելու ձեւին եւ ոճին շուրջ: Կարեւոր նկատեցինք նաեւ փոխանցել պատրիարք հօր, թէ ամէն միջոցի անհրաժեշտ է դիմել, որպէսզի Լիբանանը զերծ մնայ շրջանային փոփոխութիւններու ժխտական անդրադարձին: Շեշտեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի ու Լիբանանի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ հայրենիքի բաժնեկից եւ ոչ թէ փոքրամասնութիւն մնալու ու գոյութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը»:

