50 Տարի Առաջ ( 7 Յունիս 1962 )
Հայ Կեանք
Համաժողովրդական Ուխտագնացութիւն
Սողոմոն Թեհլիրեանի Շիրիմին
Ազգային հերոս եւ հայ ժողովրդի վրիժառութեան խորհրդանշան Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ համաժողովրդական ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցած է Ֆրեզնոյի մէջ, ուր կը գտնուի հերոսին շիրիմը:
Տեղւոյն հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ նախ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր պատարագ: Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուած է ուխտեալ հաւատացեալներով: Շատեր տեղի չգոյութեան պատճառով մնացած են դուրս, բակին մէջ:
Պատարագիչ Վահրամ վրդ. Եղիայեան բովանդակալից քարոզ մը խօսելով` պանծացուցած է հայ ժողովուրդին հերոսութիւնները եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի վրիժառութեան փառքը:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտէն ետք բազմահարիւր ինքնաշարժներ ուղղուած են դէպի «Արարատ» գերեզմանատունը: Սողոմոնի արժանաւոր ընկերներէն հերոս Միսաք Թորլաքեան եւ վաշտապետ Գ. Ամիրեան պատուի կեցած են: Լոս Անճելըսի ՀՅԴ շրջանի կոմիտէներուն եւ ընկերներուն կողմէ խօսք առած է ընկ. Ֆնտգեան: Յանուն ողջ մնացած կամաւորներուն` խօսած է ընկ. Ամիրեան: Խօսք առած են նաեւ ընկերներ Մելիք-շահ, Մ. Գաբրիէլեան եւ «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Ս. Սարունի:
Վերջին խօսողը եղած է ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէին կողմէ Զարեհ Զարգուն:
Վ. Տէր Յուսիկեանի Մահը
Գահիրէի Մէջ
Գահիրէի մէջ մահկանացուն կնքած է հայրենասէր ու գաղափարապաշտ ընկեր մը` Վաղարշ Տէր Յուսիկեան:
Անցած հինգշաբթի օր տեղի ունեցած է յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը` ի ներկայութեան ընկերներու, բարեկամներու սգակիր հոծ բազմութեան մը: Արարողութեան նախագահած է թեմակալ առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեան: Ընդհանուր յուզումի մէջ դամբանական խօսած է Կայծ Կոկանեան` անդրադառնալով ողբացեալ ընկերոջ կեանքին, ծանրացած է անոր գաղափարապաշտ, հայրենասէր, զոհաբերող ու հաւատաւոր հայու նկարագրին վրայ:
Հայկական Եռագոյնը Ամերիկայի
Ֆիլատելֆիոյ Քաղաքապետարանին Վրայ
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի մէջ (1 յունիս) կը կարդանք.-
ՀՅԴ Ֆիլատելֆիոյ կոմիտէէն ստացանք պատճէնը քաղաքապետական յայտարարութեան մը, որով «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐ» հռչակուած է 28 մայիս 1962-ի երկուշաբթին, Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ:
Յայտարարութիւնը, որ կը կրէ ստորագրութիւնները Ֆիլատելֆիոյ քաղաքապետ Ճէյմս Թէյթի եւ քաղաքի ներկայացուցիչ Ֆրետերիք Մենի, կը խօսի Հայաստանի կարճատեւ անկախութեան մասին եւ շեշտելով, որ պոլշեւիկեան լուծի տակ կը հեծէ երկիրը 1921-էն ի վեր, հաւատք կը յայտնէ, որ բռնատիրութեան տակ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն նման, հայ ժողովուրդն ալ անպայման պիտի վերագտնէ, օր մը, իր ազատութիւնը:
– «Ֆիլատելֆիոյ բոլոր քաղաքացիները այսօր կ՛ուզեն ցոյց տալ հայ-ամերիկացի քաղաքացիներուն, թէ ազատութեան համար իրենց մղած պայքարին ու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան իրենց դատին հանդէպ երբեք անտարբեր չեն»:
Այս առթիւ, Ֆիլատելֆիոյ քաղաքապետարանին վրայ 28 մայիսի երկուշաբթի օր պարզուած է հայկական եռագոյնը:

