Եուրօ-2012. Օլիչ Եւ Պարզակլի` Բացակայ

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Իվիքա Օլիչ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

Օլիչ, որ փոխարինուեցաւ Նիքոլա Քալինիչով, վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Նորվեկիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին:

Անտրէա Պարզակլի

«Դժբախտաբար, անոր ստացած վնասուածքը մեր ակնկալածէն շատ աւելի գէշ եղաւ: Իսկապէս, այդ մէկը բոլորին, նոյնիսկ մարզիկին համար տխուր լուր մը եղաւ: Այժմ ան աւելի քան վեց շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն», յայտնեց խումբին բժիշկը` Զորան Պաժթիժարեւիչ:

Իվիքա Օլիչ

Նշենք, որ մարզիչ Սլաւեն Պիլիչի կազմը` Խրուաթիա, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Իրլանտայի դէմ:

Խրուաթիոյ նման Իտալիա եւս հարուած մը ստացաւ, երբ յետսապահ Անտրէա Պարզակլի Ռուսիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ:

Եթէ Իտալիոյ մարզիչ Չեզարէն Փրանտելլի չուզէ վտանգել Պարզակլին, շատ հաւանաբար Եուրօ-2012-ի ազդանշանը տրուելէն 24 ժամ առաջ Ինթեր Միլանի յետսապահ Անտրէա Ռանոքիան ըլլայ խումբին միացողը:

Նշենք, որ Իտալիա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ տիտղոսակիր Սպանիոյ դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES