Պաթրունի Վազքի Մրցում. 800 Երկսեռ Վազողներ Մասնակցեցան Տարբեր Դասակարգերու Մրցումին
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան կիրակի, 3 յունիսին տեղի ունեցաւ Պաթրունի կրան փրի վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ աւելի քան 800 երկսեռ վազողներու:
Պաթրունի եւ շրջակայ գիւղերու վազքի այս մրցումին (10 քմ) սկսելուն ազդանշանը տուին ուժանիւթի եւ ջուրի նախարար Ժըպրան Պասիլ, Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ, Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարըք եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու վազքի մրցումներ, ինչպէս նաեւ` անդամալոյծներու (հեծանիւով) մրցումներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը շուրջ յիսուն մրցանակակիրներուն, որոնք տարբեր տեսակի դասակարգերու մէջ, գրաւած էին առաջին երեք դիրքերը:
CATEGORIES Մարզական



