Աշակերտական Զոյգ Նախաձեռնութիւններ. Ձեռնահետքերով Իւրայատուկ Եռագոյնի Պատրաստութիւն Եւ Ֆրանսերէն Թատերական Քաջալերական Ներկայացում

Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան 94-ամեակին առիթով, երեքշաբթի, 29 մայիս 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խմբակին, տեղի ունեցաւ վարժարանի 4-րդէն 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ ձեռնահետքերով Եռագոյնի պատրաստութիւնը:

Իւրաքանչիւր աշակերտ կտաւին վրայ իր դրոշմը զետեղելով` խոստացաւ բարձր պահել մայիս 28-ի պանծալի յաղթանակը եւ շարունակել ամբողջական հայրենիքի կերտման ուղին: Աշխատանքի աւարտին, ձեռնահետքերով Եռագոյնը տեղադրուեցաւ վարժարանին մէջ: Իւրայատուկ ոճով սարդարապատեան յաղթանակը տօնելու աշխատանքը աշակերտութեան մօտ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Իսկ 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն թատերական ներկայացում: Նախաձեռնութեան գաղափարն ու պատրաստութիւնը կը պատկանէին վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի Ռընէ Քատտումի, որ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած էր ֆրանսական բարոյախօսական առածներու աշակերտական թատերական կատարումը: Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին աշակերտները թատրոնով, երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացուցին ճշդուած նպատակը` վարժողական աշխատանք կատարել ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան` բեմ բարձրանալով ձեռք ձգել բեմական փորձառութիւն եւ տարուած աշխատանքը ներկայացնել ծնողներուն եւ բարեկամներուն:

Աւարտին, ֆրանսերէնի ուսուցչուհի  Ռընէ Քատտում շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին` յաջողութեամբ պսակելու համար այս ներկայացումը:

Իր կարգին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ գնահատեց Ռ. Քատտումի աշխատանքը: Վարժարանին տնօրէնը ըսաւ, որ աշակերտներու թատերական ներկայացումը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ ուսուցչուհին նուիրումով, բծախնդրութեամբ եւ կազմակերպուած կերպով կատարած է իր աշխատանքը, ինչ որ կը մարմնաւորէ ուսուցիչի առաքեալ ըլլալու հասկացողութիւնը: Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, որ այսպիսի լուրջ աշխատանք կատարող սերունդը խոստմնալից է եւ ունի փայլուն ապագայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES