Լուրեր Դպրեվանքէն. Յակոբ Օշականի Մասին Պօղոս Սնապեանին Դասախօսութիւնը` Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 25 մայիս 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` հայ գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշականին նուիրուած: Օրուան բանախօսն էր վաստակաւոր գրագէտ եւ խմբագիր  Պօղոս Սնապեան:

Բացման խօսքը կատարեց Յովհաննէս Ստեփանեան: Ապա Կարապետ Նաճարեան եւ Շանթ Շառոյեան Օշականին մասին վկայութիւններ կարդացին:

Դասախօսը, իր ուսանողական յուշերուն մէջէն, մեր մէջ բոցավառեց օշականեան հուրը: Ան ներկայացուց Օշականը` իբրեւ խստապահանջ ուսուցիչի մը, որ իր աշակերտներուն ինքնատիպ յառաջդիմութիւնը դարձուցած էր իր մտասեւեռումը: Ապա ան ընդգծեց, թէ Օշական կը պահանջէր, որ իր աշակերտները նորութիւն բերեն իրենց գրիչով եւ ո՛չ թէ զինք ընդօրինակեն կամ կրկնեն:

Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեմէզեան եզրափակեց հայ գրականութեամբ օծուն երեկոն` Օշականը որպէս յամառ ընթերցանութեան եւ ինքնազարգացման իւրայատուկ տիպար վերբերելով:

Դպրեվանքի Սարկաւագներու Կողմէ Կրօնի
Դասաւանդում
` Ազգային Վարժարաններու Մէջ

8-22 մայիս 2012, դպրեվանքի տեսչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդին գործակցութեամբ, դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի աւագ սարկաւագներ ազգային վարժարաններուն մէջ կրօնի խտացեալ դասաւանդութիւն կատարեցին:

Սամուէլ Ա. սրկ. Լախոյեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ դասաւանդեց «Եկեղեցի» եւ Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին մէջ «Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարները» նիւթերը, Յարութիւն Ա. սրկ. Շէրնէզեան Ազգ. Ռուբինեան վարժարանին մէջ դասաւանդեց «Եկեղեցի», Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ «Սուրբ հաղորդութիւն» եւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ` «Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարները» նիւթերը, Գէորգ Ա. սրկ. Սապունճեան Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ դասաւանդեց «Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները» նիւթը, Միքայէլ Ա. սրկ. Սարգիսեան Ազգ. Աբգարեան վարժարանին մէջ դասաւանդեց «Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները» եւ Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ «Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարները» նիւթերը:

Share this Article
CATEGORIES