Քեսապահայ Մշակութային Կեանք. Եղիշէ Չարենցի Հետ

Այս տարի Եղիշէ Չարենցին ծննդեան 115-ամեակը եւ մահուան 75-ամեակն է:  Այդ զոյգ առիթներով քեսապահայութիւնը հանճարեղ բանաստեղծին եւ մեծ հայրենասէրին գրականութեան հետ հաւաքապէս հաղորդուելու առիթը ունեցաւ կիրակի, 3 յունիսին, «Սահակեան» սրահին մէջ, բանախօսութեամբ մը` Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի  վարչութեան գրական յանձնախումբի հրաւէրով:

Հոգեւոր հովիւներու, միութիւններու վարչութեանց եւ գրասէր կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան, օրուան բանախօսը Սեւան Կ. Աշըգեան,  առաջին պահէն ունկնդիրները  հեզասահ կերպով մտապէս տեղափոխեց  չարենցեան հրաշագեղ աշխարհ` այնքան կրկնուած, բայց  բնաւ չհինցող, նոյն պատգամով, բայց մշտանորոգ կերպով հնչող  «Ես իմ անուշ Հայաստան»-ով:

Չարենցի կեանքի ընթացքին ու ստեղծագործութեան ելեւէջներուն եւ նուաճումներուն զուգահեռականութեամբ  ընթացող գրական-իմացական հաճոյքի պահը   շարունակուեցաւ  լման մէկ ժամ:  Ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը մնաց լարուած ամբողջ բանախօսութեան ընթացքին: Մատուցուած նիւթին կառուցուածքին բաղադրիչ մաս կազմող, ու անոր միաձուլուած խնամքով ընտրուած Չարենցի բանաստեղծութիւններէն աւելի քան տասնհինգ կտորներու մէջընդմէջ ասմունք-ընթերցումը` նիւթը ներկայացնողին կողմէ, պահը դարձուց նաեւ գեղարուեստականօրէն լիարժէք: Գեղեցիկ կերպով հնչած մեծ քնարերգակի, կարմիր յեղափոխութեան մեծագոյն երգիչի, իր ժողովուրդին «Գիրք ճանապարհի»-ի ու «Տաղարան» պարգեւողի կենդանի խօսքերով  Չարենց մտաւորականի, մեծ բանաստեղծի կերպարը, աւելի ամբողջական հմայքով ու փայլով եւ աստիճանական զարգացումով ի յայտ եկաւ: Բանախօսուհիին կողմէ պատրաստուած բանաստեղծին կեանքի դրուագներու ցուցադրման կողքին, մեծ պաստառի վրայ ասմունքով ներկայացուած  կտորներուն  լուսապատճէնուած տեսքով ներկայացումը առիթ ընծայեց, որ ներկաները եւս մասնակցին Չարենց «կարդալու» հաճոյքին:

Այս տարի Գիրքի տարի յայտարարուած է:  Բանախօսուհին, յարմար նկատած էր այդ առիթին ալ  անդրադառնալու` Չարենցով, որուն «Գիրքերու աշխարհ» բանաստեղծութեամբ  հոգեպարար երեկոն հասաւ  բարձրակէտին: Ապա պաստառէն  հնչեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգը` նկարահոլովակային   յարմարեցումով: Երգին  ձայնակցեցան  ներկաները, որոնք Չարենցով լիցքաւորուած   կը յամենային հեռանալ սրահէն: Այսպիսով, աւարտին ի յայտ եկաւ, որ պատրաստուածը ընթացիկ բանախօսութենէ մը անդին` գրական գեղեցիկ երեկոյ մըն էր:

Նշենք, որ ամբողջ հայութեան միասնականութիւն պատգամող Չարենց,  բնականաբար, չէր կրնար չհամախմբել բուռ մը քեսապահայերը իր յիշատակին շուրջ:

Յոբելինական տարուան շրջագիծին մէջ հայրենիքի եւ սփիւռքի  տարածքին պիտի շարունակուին Չարենցի նուիրուած այլազան ձեռնարկներ կայացնել անկասկած: Քեսապահայերը  իրենց  պարտն ու պատշաճը մատուցին: Սակայն ո՛չ այնքան յանուն Չարենցի պանծալի  յիշատակին, որքան իրենք իրենց համար, ու միա՛յն իրենց համար:

                                                                            Շ. Ա.

Share this Article
CATEGORIES