Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ձեռային Աշխատանքներու Տպաւորիչ Ցուցահանդէսը

Ամավերջի սեմին հայկական վարժարաններ իրենց տարեկան բերքահաւաքի ցուցադրութեան կը պատրաստուին: Աւանդական դարձած աշակերտական ցուցահանդէսներով, երգչախմբային համոյթներով, պարային թէ այլ գործունէութիւններով կ՛ուզեն փակել ուսումնական իրենց տարեշրջանը: Ուսման ու դաստիարակութեան կողքին, արուեստի ջատագովն է հայ դպրոցը, որուն ապացոյցը կը հանդիսանան սոյն ձեռնարկները:

Հայ աւետարանական քոլեճը, ըստ իր օրինակելի աւանդութեան, Հայկական տոհմիկ օրուան իւրայատուկ իր նախաձեռնութեամբ, «Ծիրանի» աշակերտական երգչախմբային բարեյաջող ելոյթէն ետք, կ՛ունենայ աշխատանքներու ու գծագրութեան ցուցահանդէսը, շաբաթ, 26 մայիս 2012, երեկոյեան:

Դպրոցի հոգեւոր հովիւն ու տեսուչը, հոգաբարձութեան ատենապետուհին ու անդամները, ծնողներ եւ ուսուցիչներ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերէին աշակերտութեան արուեստի գործերը. մեղուական աշխատանքի արգասիք մըն էր, որ կը ցուցադրուէր եկեղեցիին սրահին մէջ: Տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր բոլորին մօտ:

Ցուցահանդէսին բարի գալուստի իր խօսքով ելոյթ ունեցաւ տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն կատարած գեղարուեստական այս աշխատանքին եւ բոլոր այն ուսուցիչներուն մասին, որոնք օժանդակեցին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան` միաժամանակ անդրադառնալով հայ դպրոցի դերին մասին, ուր աշակերտներ իրենց ուսումնառութեան զուգահեռ, կը յաջողին պատրաստել ստեղծագործական նմուշներ, գիտական, համակարգչային թէ այլ, ինչպէս նաեւ գծագրութիւններ ու ձեռային արուեստի գործեր` հետեւողութեամբ իրենց ուսուցիչներուն ցուցմունքներուն:

Գնահատանքի ու շնորհակալական խօսքի աւարտին, «Ֆապրիանօ» գծագրութեան մրցանակին արժանացած աշակերտներ իրենց գծագրութեան ու արուեստի ուսուցիչին` Վազգէն Մուղալեանի ձեռամբ կը ստանան յուշանուէրներ:

Ցուցահանդէսին ժապաւէնը կտրեցին հոգաբարձութեան ատենապետուհի Ռուբինա Արթինեան, հոգեւոր հովիւ պատուելի Հրայր Չոլաքեան ու տնօրէնը, որմէ ետք ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին զանազան տաղաւարներու նմուշներ, որոնք կ՛ընդգրկէին մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտութեան աշխատանքները:

Աշակերտ-դպրոց նուիրաբերումի օրինակելի ու քաջալերելի նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի կերտէ ապագայ հայ արուեստագէտն ու ստեղծագործողը:

Ա. Ա.

Share this Article
CATEGORIES