Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Ձեռնարկները
Ազգ. Աբգարեան վարժարանի Ծնողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի 17 մայիս 2012-ին, իրագործուեցաւ Համբարձման տօնին առթիւ պարտիզագնացութիւն մը` դէպի «Փիքնիք լենտ»:
Շուրջ 100 ծնողք-աշակերտ, վարժարանի բարեկամներ, հաճելի օր մը անցուցին բնութեան գրկին մէջ: «Անուշ» օփերայի երաժշտական մթնոլորտին մէջ` քողածածկ աղջնակներ քաշեցին աւանդական վիճակը, ուրախութեամբ համակելով ներկաները, որոնք խանդավառուած շուրջպարերով` տոհմիկ երանգ մը տուին հեռաւոր վայրին: Խորովածը` Ծնողական խորհուրդի պատրաստութեամբ, մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք նմանօրինակ ձեռնարկներու կրկնութեան փափաքով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը:
24 մայիս 2012-ը վերապահուած էր դպրոցին մէջ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան: Մարինէ Կիւլիւմեան, Րաֆֆի Պարսամեան եւ Իրմա Տէտէեան պատրաստած էին ծրագիրը հետաքրքրական եւ ինքնատիպ օրուան մը` համապատասխան մանրամասնութիւններով, գործնապէս դրոշմելու համար մայիսեան խորհուրդը աշակերտներու մտքին եւ հոգիին մէջ:
Նոյն օրը աշակերտներն ու ուսուցիչները ներկայացան դպրոց «Ես հայ եմ» շապիկներով, որոնք պատրաստուած էին դպրոցին մէջ: Ա. զբօսանքի դրօշակի արարողութիւնը իրագործուեցաւ տողանցքով, որմէ ետք Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին եռագոյն դրօշակներով պար մը: Հերա Տէտէեան` Զ. կարգէն, ներկայացուց «Եռագոյն» արտասանութիւնը, իսկ Հերմիկ Աբրահամեանը` Բ. կարգէն` մայիսեան խորհուրդը:
Բ. զբօսանքին աշակերտները հիւրասիրուեցան Եռագոյն օշարակներով, ազգային երգերու ունկնդրութեամբ: 7-րդ պահուն աշակերտները մէկտեղուեցան սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Դասարան առ դասարան աշակերտները բերին իրենց մասնակցութիւնը, եւ հնչեցին երգեր ու ասմունքներ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան:
Վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, ապա բացատրեց «օրհասական» եւ «հրաշք» բառերը: Ան ըսաւ, որ «Մայիսեան յաղթանակը հրաշք պատասխանն էր ցեղասպանութիւն ծրագրողներուն: Յաղթանակին բարիքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Հպարտ ենք, որ հայ կը կոչուինք եւ այդ յաղթանակին շնորհիւ` այսօր «Ես հայ եմ» շապիկը կը կրենք»: Օրուան աւարտին Ծնողական խորհուրդը, օժանդակութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանցին, հիւրասիրեց աշակերտութիւնը տոհմիկ ճաշով, վարժարանի բակին մէջ:
30 մայիս 2012-ին Ազգ. Աբգարեան վարժարանին մէջ տօնուեցաւ «Մայրերու օր»-ը: Մեծ թիւով ծնողներ, վարժարանի բարեկամներ ներկայ էին հանդիսութեան, որուն գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցին վարժարանի աշակերտները: Զ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Թռչուն եռագոյն»-ը եւ «Քիչ ենք արդէն»-ը, ինչպէս նաեւ երգեցին «Զարթիր լաօ»-ն: Ե. կարգը ներկայացուց «Հայաստան մը կայ»-ն եւ «Մայր իմ անուշ»-ը: Զ. կարգէն Հերա Տէտէեան ներկայացուց «Ուղնիյա լիումմի», իսկ Ե. կարգէն Հերմիկ Հայրապետեան «Մա տումթի ումմի»-ն: Գ. դասարանը ներկայացուց «Խօսող ձուկը» թատրոնը, իսկ Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտները ներկայացուցին «Անխելք մարդը»` Թումանեանի գործերէն: Մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները նոյնպէս ներկայացուցին յայտագիր մը:
Աւանդութիւնը շարունակելով` տեղի ունեցաւ ծաղկեփունջերու վիճակահանութիւն (նուէր` Խ. Շէրնէզեանին կողմէ), որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան մանկապարտէզի յարկ` գնահատելու մանկապարտէզի աշակերտներուն ձեռայինները, որմէ ետք իջան բակ` մօտէն ծանօթանալու նախակրթարանի աշակերտներու նկարչական աշխատանքներուն: Ապա ծնողները հիւրասիրուեցան իրենց կողմէ պատրաստուած անուշեղէններով ու խմորեղէններով եւ գոհունակ տրամադրութեամբ բաժնուեցան դպրոցէն:

