Գործակցութիւն` Զուիցերիական Թատրոնին Եւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Միջեւ

Զուիցերիական Վինթրթուր քաղաքի թատրոնը 2009-ին Պէյրութի Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հետ գործակցութեան նպատակով ձեռնամուխ եղաւ վերոյիշեալ վարժարանի ուսուցիչ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին հեղինակած «Անտառի դպրոցը» թատերախաղի բեմադրութեան, որ գերմաներէն տարբերակին մէջ կը կոչուէր «Արգիլուած շրջան»:

Տարիներու երկարատեւ աշխատանքէն ետք, ուրբաթ, 11 մայիս 2012-ին կայանալիք ներկայացման համար պաշտօնապէս Զուիցերիա հրաւիրուեցան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, երգչուհի Շողիկ Թորոսեան եւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգաբարձու Կարպիս Տէյիրմենճեան:

Ցիւրիխի օդակայանին մէջ Պէյրութի պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին նախաձեռնութեան անդամներ Ճենիֆըր Այնելեան եւ Մաթէաս Պունշոթէն:

Վինթրթուրի թատրոնը «Արգիլուած շրջան» ներկայացման համար 40 վարժարաններէ զատած էր աշակերտներ, որոնց ընդհանուր թիւը բեմին վրայ կը հասնէր շուրջ 700-ի: Բեմին վրայ իրենց պատուաւոր տեղը ունէին նաեւ յատուկ դպրոցներ յաճախող մտային կամ ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող երեխաները:

Տարիներու ստեղծագործական աշխատանքի ընթացքին աշակերտները արհեստավարժ արուեստագէտներու հսկողութեամբ իրագործած էին թատերախաղին երաժշտութիւնը, բեմայարդարումը, նկարչական ձեւաւորումը, առարկաները, տարազները… Ամէնուր կարելի էր հանդիպիլ աշակերտներու կողմէն ներկայացման համար գծուած որմնազդները:

Այդ օրերուն թատրոնի ճեմասրահի պաստառին վրայ կը ցուցադրուէին Պէյրութի Հայ աւետարանական ԿԲՎ-ի եւ զուիցերիացի ապագայ արուեստագէտներու գծագրութիւնները, նաեւ համացանցային ուղղակի կերպով իրենց բարեկամութիւնը կը հաստատէին երկու երկիրներուն աշակերտները:

Գերմանալեզու ներկայացումը Վինթրթուր քաղաքի անթերի թատերասրահին մէջ կոթողական օփերեթ մըն էր, ուր խօսքին, երգին ու պարին կ՛ընկերանար երկրի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը:

Շուրջ 1000 տեղանոց թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հինգ ներկայացումները հանդիսատեսին կողմէ կը գնահատուէին բուռն, երկարատեւ ծափահարութիւններով:

Տեղական մամուլը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն կը լուսաբանէին թատերական յիրաւի գլուխ գործոցը:

Տեղի ունեցան հարցազրոյցներ` Մարալ Տէյիրմենճեանին եւ  Ռոպերթ Առաքելեանին հետ:

Մաթէաս Պունշոթէն Մարալ Տէյիրմենճեանին փոխանցեց ներկայացման տարազներու, որմազդներու, դիմակներու եւ յայտագրի նմուշներ:  Տնօրէնուհին իր կարգին գնահատելով ապագայ արուեստագէտներն ու ամբողջ աշխատակազմը, ի նշան բարեկամութեան, յուշանուէր մը յանձնեց  Մաթէասի` յոյս յայտնելով, որ Պէյրութի Հայ աւետարանական ԿԲՎ-ի եւ զուիցերիական թատրոնի բարեկամական գործակցութեան առջեւ կը բացուին նոր հորիզոններ:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES