Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Աշակերտները Օդակայան Կ՛այցելեն
22 մայիսին Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանի մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն եւ մանկապարտիզպանուհիին, այցելեցին օդակայան: Օդակայանի մուտքին զիրենք դիմաւորեց օդակայանի ապահովական բաժնի ներկայացուցիչ Նորայր Դերձակեան:
Աւելի քան 2 ժամ տեւողութեամբ, Ն. Դերձակեան աշակերտները պտտցուց օդակայանի զանազան բաժինները, ինչպէս` նամակատան բաժինը, բժշկական սենեակը, ուր կարգ մը աշակերտներ քննութեան ենթարկուեցան բժիշկին կողմէ եւ հարցումներ ուղղեցին անոր, օդերեւութական բաժանմունքը, ուր մօտէն ծանօթացան եւ դիտեցին օդի փոփոխութիւնները համակարգիչին վրայ:
Բաժանմունքի տնօրէնը որոշ գործիքներ ցոյց տալով` մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէս կը գիտնան օդի փոփոխութիւնը, եթէ ամպոտ է կամ պիտի անձրեւէ եւ այլն: Անշուշտ աշակերտներուն համար ամէնէն հետաքրքրական բաժինը եղաւ օդանաւին հասնիլը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ խուժեցին օդանաւին մօտ, մօտէն դիտեցին եւ ծանօթացան օդանաւին բաժիններուն եւ դիտեցին, թէ 2 օդանաւեր ինչպէ՛ս էջք եւ ելք կատարեցին իրենց մօտէն:
Այցելութեան աւարտին աշակերտները եւ ուսուցչուհիները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին օդակայանի ապահովութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն հրամանատար Ժան Թալուզեանի, ինչպէս նաեւ Նորայր Դերձակեանի` իրենց սիրալիր ընդունելութեան համար:

