Մի՛ Գայթակղիր Եւ Ո՛Չ Ալ Ուրիշին Գայթակղութեան Պատճառ Եղիր

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ժողովրդական առածը շատ ճշգրիտ ձեւով կ՛ըսէ. «Նետած քարդ օր մը կրնայ գլուխդ ծակել»: Քար նետելու սովորութիւնը, ուրիշը վնասելու կամ ծուղակի մէջ ձգելու կամ գայթակղեցնելու վատաբարոյ արարքներն ու թակարդները օր մըն ալ կրնան աւելի դառն կերպով հանդիպիլ կամ պատահիլ քեզի:

Ընկերային կեանքին մէջ դիտաւորեալ կամ ակամայ պատահող գայթակղութիւնները միշտ ալ իրենց աւերումները ունեցած եւ վնաս հասցուցած են տուեալ ընկերութեան` զայն երբեմն բաժան-բաժան վիճակի մատնելու ու մասնատելու աստիճան: Չկայ ընկերութիւն մը կամ ընկերային յարաբերութիւն մը, որ ունենայ հեզասահ ընթացք մը` ամէն տեսակի դժուարութիւններէ ու փորձանքներէ հեռու: «Կեանքի օրէնքն է այս, փախուստ չկայ ասկէ», պիտի ըսէր մեր հայ մամիկներէն մէկը, որ համոզկեր բառերով կը փորձէր հաշտուիլ այս «դաժան» կեանքին հետ:

Նորելուկ երեւոյթներն ու աչքին «գեղեցիկ» թուացող նորաձեւութիւնները անպայմանօրէն իրենց ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձը կ՛ունենան այսօրուան երիտասարդին հոգեվիճակին վրայ: Հոգեվիճակ մը, որ ըստ ոմանց թիւր հասկացողութեան, միայն գայթակղութեամբ կրնայ «ներգրաւուիլ» ու «փոխակերպուիլ» եւ ենթակային կեանքը ամբողջապէս «յեղաշրջել» ու իրեն երկրպագու դարձնել: Ներգրաւչութիւն մը, ուր կեղծ շպարներով տգեղը գեղեցիկ, տխեղծը ներկայանալի ճարտարութեամբ կը ներկայացուի: Այս եւ նման խաբեպատիր առկայ գայթակղութիւններ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ, ուր «գեղեցիկ»-էն անդին` գայթակղիչ տարրը ի՛նքն է գլխաւորագոյն դերակատարը:

Քրիստոսի դարեր առաջ ուսուցած վարդապետութիւնն ու կարդացած «վա՜յ»-ը այսօ՛ր եւս աւելի ուժգնութեամբ զգաստութեան կը հրաւիրէ գայթակղիչը, որ պատճառ կ՛ըլլայ շատերու հոգեկան ու բարոյական անկման. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՛իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղկ. 17. 1-2): Որպէս «բնական» երեւոյթ ընդունուած գայթակղութիւնը օրէ օր աճ արձանագրելով` կը սողոսկի մեր ներաշխարհը, եւ շատ դիւրութեամբ կը դառնայ մեր առօրեայ ընկերն ու անբաժան մէկ մասնիկը` թէ՛ մեր խօսակցութեան, թէ՛ մեր յարաբերակցութեան եւ թէ՛ մեր ընկերային կեանքին մէջ: Թէպէտ գայթակղութիւնը խաղաղ կարկաչող ջուրի պէս կու գայ ու կը մտնէ քու ներսիդիդ, սակայն ժամանակ մը ետք թափընթաց գետի նման կեանքդ կը վերածէ խառնափնդոր կեանքի, ուր կան միայն լաց ու կոծ, աղեկէզ արտասուք ու «երանի»-ներու շարան մը…

Երբեմն որոշ անձինք ամենայն վստահութեամբ կը պատրուակեն` ըսելով, թէ Աստուած Ի՛նք մեզ կը փորձէ եւ գայթակղութեան մէջ կը ձգէ: Աստուած երբե՛ք քեզ չի գայթակղեցներ, ոչ ալ քու գայթակղութեանդ պատճառ կը դառնայ, ինչպէս պիտի ըսէր Յակոբոս առաքեալ. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ Աստուած է, որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՛ենթարկէ: Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի` իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ. 1. 13-14): Կասկածամիտ մարդու կեանքը փճացնող հոգեկան բարդոյթներու պարագլուխը կարելի է համարել զԱստուած մեղադրելու ունակութիւնը: Քեզի պատահող դժբախտութիւններն ու գայթակղութիւնները երբեւիցէ՛ Աստուծոյ կողմէն չեն: Ընդհակառակը, այդ բոլոր փորձութիւններն ու գայթակղութիւնները քու ցանկութիւններուդ պատճառած խաբկանքներէն ու քաշողականութենէն յառաջ եկող երեւոյթներ են: Ոմանք գիտնալով հանդերձ, թէ Աստուած բարի Աստուած է եւ` բարիքի աղբիւր, ջղագրգիռ վիճակի մէջ կը մեղադրեն զԱստուած, պարզապէս անոր համար, որ չե՛ն գիտեր դատապարտելի անձը կամ դրդապատճառը, որ տեղի տուած էր իրենց կենսընթացին մէջ ի յայտ եկած գայթակղութեան: Քու անձէդ իսկ ծնունդ առնող գայթակղութիւնները Աստուծոյ վրայ բարդելու ու հասցէագրելու չքմեղանքը յաճախ քեզ մտակորոյս կ՛ընէ ու անզգալաբար քեզ անտարբեր ու անպատասխանատու կը դարձնէ քու կեանքիդ նկատմամբ: Չմոռնաս, որ կեանքիդ մէջ յայտնուող գայթակղութեանց մեծ մասը երբեմն ձեռքո՛վդ կը կատարուի, որուն պատճառը քու կեանքիդ մէջ պէտք է փնտռես:

Կամքէ անկախ կամ այլ անձի պատճառով կատարուող գայթակղութիւնները երբեմն յատուկ ծրագրաւորումով եւ նպատակադրութեամբ տեղի կ՛ունենան կարգ մը փցուն հաշիւներով զբաղող անհատներու կողմէ: Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած «խաբեբայ օձ»-էն (Ծն. 3.13) աւելի անոնք ի՞նչ կը տարբերին: Մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն աչքի խաբկանքներով ու կեղծուպատիր ըսելաոճերով կը խաբեն մեզ, այլ օր-ցերեկ շահագրգիռ հաշուարկումներով մեր չորսկողմը կը դառնան իրենց թիրախին հասնելու համար:

Երկնաւոր Հայրդ առաջին օրէն իսկ ճշմարիտ կեանքի քարտէսը գծած է քու առջեւդ: Ասոր կողքին, Չարը իր կեղծպարիշտ ճամբաները առանց սահմաններու բացած է քու առջեւդ, ուր կայ «անիրագործելի» երազներու մարմնացում եւ «աներեւակայելի» հաճոյքներով առլի կեանք մը… Բարոյականութեան ճշմարիտ Ուսուցիչը` Քրիստոս եւ Բանսարկուն իրենց ճանապարհները կ՛առաջարկեն մեզի` մեր խնդիրներու լուծման եւ եզրայանգման համար, միաժամանակ մեզ կը քաջալերեն, որ իրենց գծագրած քարտէսը ընտրենք` առանց մեզ հարկադրեալ ու բռնադատեալ իրավիճակի մէջ ձգելու: Անոնց ընտրութիւնը կախեալ է մեր կայացուցած որոշումէն: Չարին առաջադրած չարաստեղծ ճանապարհը, որ դէպի խորխորատ կ՛առաջնորդէ, ընդհանրապէս քաղցր ու կարճ, ամենահեշտն ու ամենաարագը կը թուի, իսկ Աստուծոյ առաջարկածը` ոմանց համար ժամանակակորուստ ու անարդիւնաւէտ է: Կարելի Չարին ընձեռած պայմանները, արդիւնալից լուծումները եւ դիւրահասանելի նպատակները քու ամբողջ կեանքդ համակեն ու քու անձդ ներգրաւեն: Բայց վստահ գիտցիր, որ այդ բոլորը քեզ ուղեկորոյս կ՛ընեն, գայթակղութիւններով կը շղթայազերծեն քո՛ւ անձդ, հոգիդ ու ողջ էութիւնդ` քեզ անել վիճակի մէջ թողելով: Սադայէլը երբեք Եւային չըսաւ, որ եթէ արգիլուած ծառի պտուղէն ուտես, դրախտէն դուրս պիտի ելլես եւ մեղքի հետեւանքները պիտի ճաշակես: Երբ Եւան անոր առաջարկած դռնէն ներս մտաւ ու չարահաւան խօսքին ընդառաջեց` Աստուծոյ խօսքը դրժելով, ահա ա՛յն ատեն Աստուծոյ պաշտպանողութենէն դուրս եկաւ ու որդեգրութենէն զրկուեցաւ:

Ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ Քրիստոսի «աչքդ հանել նետելու», գայթակղեցնող «ոտքդ ու ձեռքդ կտրել հեռացնելու» հաստատած օրէնքը (Մր. 43-48) անկիրարկելի ու դժուարին արարք մըն է: Հեշտասէր ու աշխարհիկ մարդը հաւանաբար չուզէ կէս արարած դառնալ, բայց նախընտրելի է խեղանդամ մարմնով, կաղ ոտքով եւ միականի մտնել Աստուծոյ արքայութիւնը, քան թէ տնակից դառնալ չարութեան հօր բնակավայրին` դժոխքին մէջ, ուր` «զանոնք կրծող որդը չի մեռնիր եւ կրակը չի մարիր» (Ես. 66.34, Մր. 9.48):

Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքի քառուղիներուդ մէջ անպայմանօրէն պիտի գայթակղիս, ասկէ փախուստ չկայ: Սակայն «ետի՛ս գնա, Սատանայ» ըսելով ու խղճիդ անսալով` կրնաս դուրս գալ այդ անեզր գայթակղութիւններէն: Ոչ միայն մի՛ գայթակղիր, այլեւ մի՛ գայթակղեցներ քու ընկերդ, բարեկամդ կամ հարազատդ, որովհետեւ անոր գայթակղութեան պատճառ դառնալով` ե՛ւ դուն, ե՛ւ ի՛նքը սատանային արբանեակներուն գործակից դարձած կ՛ըլլաս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES