Խմբագիրի Օրագրութիւն. «Մշակոյթի Շաբաթ». Մեր Վարժարաններուն Աշակերտները Մեզի Կ՛այցելեն
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լիբանանահայ մեր վարժարանները կ՛ունենան իրենց յատուկ կրթական-ուսումնական ծրագիրը` տարուան ընթացքին կիրարկելի: Ներքին եւ արտաքին հարցերու վերաբերեալ ծրագիրներ, իւրաքանչիւր վարժարան` ըստ իր նախասիրութեան եւ մշակութային ճաշակին:
Տարուան ընթացքին պարբերաբար մեր խմբագրատունը պատիւը կ՛ունենայ ընդունելու աշակերտական այցելութիւններ` մամուլին վերաբերեալ ծանօթութիւններ քաղելու:
18 մայիս 2012-ին մեր հիւրերը կ՛ըլլան Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտները: Անակնկալ չէ այս այցելութիւնը, այլ շաբաթ մը առաջ ժամադրուած ենք, ու եկան ճիշդ ժամուն, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Ճիշդ ժամանակին յարգուած ժամադրութիւն մը, որ գնահատելի կէտ մըն է անկասկած:
Այցելութեան «յայտագիրը» հանդիպում մըն է գրագէտ Պօղոս Սնապեանին եւ ինծի հետ:
Խմբագրատան սրահները եւ սենեակները կը յորդին աշակերտներով, որոնց ընկերացած են երկու ուսուցիչներ` Անի Տաքեսեան եւ Հայկ Քենտիրճեան: Լուսանկարչական գործիքներ ունին, աշակերտները ամենայն լրջութեամբ կը դիտեն իրենց չորսդին, անոնցմէ մէկը, յետոյ միւսը հարցումներ կ՛ուղղեն, Պօղոս Սնապեան կը պատասխանէ:
«Քանի՞ տարիէ ի վեր կ՛աշխատիք», «քանի՞ գիրքեր լոյս ընծայած էք», «քանի՞ տարեկան էք», «դժուարութիւններ ունի՞ք գործունէութեան ընթացքին» եւ այլ հարցումներ: Կը նկարեն, կը ծափահարեն, ուրախ են, նոր շրջանակի մը մէջ կը գտնուին:
Գրասենեակը հազիւ պարփակած է 30-է աւելի աշակերտները: Մօտս աղջնակ մը կայ, անունը կը հարցնեմ.
– Ծաւի:
– Ծաւի՞, գիտե՞ս` ինչ կը նշանակէ ծաւի:
– Այո՛, կը նշանակէ կապոյտ, նաեւ Հայաստանի մէջ տեղ մը, ու կը մանրամասնէ…
Ներկայիս դէպի արդիականացում եւ համաշխարհայնացում դիմող մեր ընկերութեան, ներառեալ հայկական մեր արժէքները պահպանելու պայմաններուն մէջ սա հայաշունչ անունը յոյս մը կը ներշնչէ, թէ ունինք փոքրամասնութիւն մը, որ կապուած կը մնայ մեր աւանդութեան, մեր հայկականութիւնը արժեւորելու յանձնառութեան: Պարզապէս ուրախացայ:
Պահ մը ետք մանչուկ մըն է մօտեցողը եւ հարցումներ կ՛ուղղէ «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան ամսաթերթին մասին: Յայտնի է, որ ընթերցող է, կը հետաքրքրուի եւ հարցումներ կ՛ուղղէ այդ մասին: Այս ալ խրախուսիչ է…
Կը լուսանկարեն, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ յատուկ օր յատկացուցած է դպրոցը հայկական մշակոյթին, եւ վարժարանէն դուրս այցելութիւններ տալով ոչ միայն խմբագրատուներ, այլեւ Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մայրավանք եւ այլ վայրեր կ՛այցելէ: Ցուցահանդէսի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» գեղանկարչական արուեստի սրահն ալ չի մոռցուիր:
Նախքան հրաժեշտը` ուսուցչուհի Անի Տաքեսեան յուշանուէր մը կը յանձնէ վարժարանին անունով, «Մշակոյթի շաբթուան» առիթով: Մինչ ուսուցիչ Հայկ Քենտիրճեան կ՛անմահացնէ հանդիպման պահը` լուսանկարելով:
Իմ կարգիս շնորհակալական խօսքիս կը միացնեմ հաստատում մը, որովհետեւ տարիներ առաջ այցելած եմ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` յատուկ հրաւէրով: Այնուհետեւ հետաքրքրուած եմ վարժարանին կարգ ու սարքով, անցուդարձով եւ միշտ լաւ վկայութիւններ լսած եմ: Երբ այս մասին արտայայտուեցայ, բուռն ծափահարութիւններով գոհունակութիւն ցուցաբերեցին:
Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ` մեր կրթական հաստատութիւններուն:

