Հայ Մշակոյթի Պանծացման Օր. Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ
Հաւաքական մեր կեանքի յառաջդիմութեան եւ զարգացման մէջ անփոխարինելի է հայ վարժարանին դերն ու նշանակութիւնը նորահաս սերունդներու մարդակերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման մէջ:
Իւրայատուկ եւ անառարկելի կը մնայ այս ամրոցին կարեւորութիւնը ազգային կեանքի առաւել աշխուժացման, հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ դարաւոր արժէքներու իմացութեան մէջ:
Հայ վարժարանի առաքելութեան բացարձակ իմաստին լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ անոր կողմէ մշակութանուէր կեանքի ստեղծումն ու տարածումը:
Այս առումով, ուրբաթ, 18 մայիս 2012-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին կողմէ աւանդաբար նշուեցաւ հայ մշակոյթի նուիրուած օրը, որ սակայն, այս տարեշրջանին կը տարբերէր իր առաջադրանքով եւ բովանդակութեամբ:
Արդարեւ, նման պատեհ առիթ յաւելեալ փայլք եւ կշիռ ունեցաւ, որովհետեւ կը զուգադիպէր վարժարանի 90-ամեակին, հայ գրատպութեան 500-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ վեհափառի «Հայ գիրք»-ի տարի հռչակման եւ անզուգական աշուղ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին:
Հարկ է նշել, որ օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ արտադպրոցական այցելութիւններ` գաղութահայ տարբեր կառոյցներու, ծանօթացումներ հայ գիր ու գրականութեան եւ արուեստի ծառայած հանրածանօթ հայորդիներու:
Առաւօտեան միացեալ պաշտամունքով մը ընթացք առաւ յայտագիրը: Յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան հայ աշակերտութիւնը հրաւիրեց ազնուօրէն եւ գիտակցաբար տէր կանգնելու հայկական արժէքներուն, գուրգուրալու անոնց, եւ կառչած մնալու ազգային ինքնութեան ու ճակատագիրին:
Հարկ է նշել, որ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջինէն երրորդ դասարանի աշակերտութեան համար ելոյթ ունենալու համար հրաւիրուած էր Մակին, որ իր մանկավարժի հմտութեամբ կրցաւ երգերու եւ պարերու փունջ մը ներկայացնել եւ խանդավառել սիրուն աշակերտները: Տեղի ունեցաւ նաեւ մանկական տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ ձեռային աշխատանք, որ կը խորհրդանշէր օրուան իմաստը:
Իրենց կարգին, չորրորդէն ութերորդ դասարանի աշակերտները այցելութիւն մը տուին «Համազգային»-ի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն: Տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան տուաւ բացատրութիւններ` ընդհանրապէս տպարանային աշխատանքներուն մասին: Աշակերտները այցելեցին նաեւ` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր կը ցուցադրուէին տաղանդաւոր արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործութիւնները:
Այս ծիրին մէջ, աշակերտները ապա գտնուեցան «Ազդակ»-ի յարկին տակ եւ ծանօթացան տնօրէն Շահան Գանտահարեանի: Անոնք մօտէն հետեւեցան մամուլի աշխատանքներուն եւ սրտակից հանդիպումներ ունեցան մամուլի երկարամեայ աշխատակից եւ գրող Շահանդուխտի եւ գրականագէտ ու վաստակաշատ գրող Պօղոս Սնապեանի հետ: Այս առիթով, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան անդամ Արշօ Պալեան համապարփակ զեկոյցով մը անդրադարձաւ հայ մամուլի գործունէութեան եւ նպատակին:
Յիշարժան էր 9-11 դասարանի աշակերտութեան այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, ուր առաջին հերթին անոնք ծանօթացան «Կիլիկիա» թանգարանի մէջ առկայ եկեղեցական իրերուն եւ սպասներուն: Հարկ է յիշել, որ թանգարանի պատասխանատու Հրանդ աբղ. Թահանեան մանրամասնօրէն ներկայացուց ցուցադրուած սրբութիւնները:
Դիպուկ էր յայտագիրին մաս կազմող շարականի ունկնդրութիւնը: Արդարեւ, Մայր տաճարի սուրբ կամարներուն տակ Վարդան աբղ. Թաշճեան հոգեպարար երգեցողութեամբ մը մատուցեց արժէքաւոր շարական մը: Իր կարգին, Պետրոս աբղ. Մանուէլեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցական արարողակարգերու ընթացքին եւ կուսակրօն քահանաներու հանդերձանքին մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան իր կարգին անդրադարձաւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին, մեր կեանքին մէջ հայ գիրքի արժէքին ու անոր կարեւորութեան: Ան թելադրեց խորապէս կառչած մնալ ազգային գիտակցութեան եւ արժէքներուն:
Իբրեւ յարգանքի տուրք, աշակերտները խոնարհեցան Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած մատուռին դիմաց եւ վերանորոգեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու ուխտը` անոնց սուրբ կտակին նկատմամբ:
Կաթողիկոսարանի քրիստոնէական եւ հայաշունչ մթնոլորտին յաջորդեց այցելութիւն մը դէպի «Նոա՛զ Արք» արուեստի ցուցասրահ, ուր աշակերտները ծանօթացան հայ կերպարուեստի բացառիկ ստեղծագործութիւններու: Ցուցասրահի սեփականատէր եւ վաստակաւոր արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր կարգին գնահատեց աշակերտներու ներկայութիւնը եւ վեր առաւ հայ գեղարուեստի հրաշալի ու անկրկնելի արժէքը:
Ապա աշակերտները դպրոց վերադարձան, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր հայ աշուղական երգարուեստի տիտան Սայաթ Նովայի 300-ամեակին:
Այս առիթով, աշակերտներուն փոխանցուեցաւ անզուգական աշուղին կեանքն ու գործունէութիւնը, շեշտը դրուեցաւ անոր արուեստի իւրայատկութեան ու բացառիկ նշանակութեան վրայ: Հետաքրքրաշարժ նախաձեռնութեամբ մը սրահին մէջ աշակերտութեան ցուցադրուած էր քամանջայի, թառի, շուիի երաժշտական գործիքներ:
Նախքան հիւր երգիչներու եւ երաժիշտին ելոյթը, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան աշակերտներուն եւ վեր առնուեցաւ գաղութին մէջ անոնց ունեցած գործունէութիւնը:
Սայաթ նովայական երաժշտութեան շունչ եւ կենդանութիւն տուին հիւր արուեստագէտներ` Մանուկ Մինասեան եւ Սոնա Փամպուքեան, որոնց դաշնակի վրայ կը նուագակցէր Խաչիկ Մալխասեան:
Իսկ վարժարանի շրջանաւարտ Ալիս Իբրաճեան մեկնաբանեց Սայաթ Նովայէն երգ մը` տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի:
Այս տարի եւս ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը վարժարանի բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան թի. շըրթներ` յիշատակելու համար վարժարանի 90-ամեակն ու հայ գիրքի տարին:
Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան բարձր գնահատեց այս օրուան տարուած աշխատանքը, որ կը միտէր հայ մշակոյթի արժէքները փոխանցել աշակերտութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր արուեստագէտներուն եւ ձեռնարկի յաջողութեան լծուած բոլոր մասնակիցներուն:
Հայ մշակոյթն ու ազգային արժէքները պանծացնող օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:


