«ՈՒԽՏԻ ՕՐ» ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱՋԻՆ ԲԱՇԽԱԾ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին թափօրը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին, ամէն տարուան հաւատարմութեամբ, ուխտաւոր հաւատացեալներ յարգեցին իրենց ժամադրութիւնը մեծ սուրբին հետ` համբուրելու համար անոր Ս. Աջը:

Կիրակի, 10 ապրիլ 2011-ին, Ս. Լուսաւորիչի վիրապ մուտքի տօնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ուխտի օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ` երկու օրերու վրայ տարածուած:

Շաբաթ, 9 ապրիլին, Վիրապամուտի տօնին բուն օրը, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Երեկոյեան ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, ժամը 6:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցահանդէսի բացումը` «Հայ մանուկի տարուան» առիթով, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան: Ապա, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ հսկումի խորհրդալից արարողութիւն` ի պատրաստութիւն յաջորդ օրուան ուխտաւորութեան: Իսկ գիշերուան ժամը 8:00-ին, Մայր տաճարին մէջ հոգեւոր համերգով ելոյթ ունեցան մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ Լիբանանի թեմի «Առաքելոց» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր սրկ. Ալոզեանի (տեսնել` 3-րդ էջով):

Յաջորդ օր, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, եւ մասունքներու թափօր տեղի ունեցաւ` գլխաւորութեամբ Ս. Լուսաւորիչի Աջին:

Սուրբ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Այս առիթով պատարագեց եւ քարոզեց Նորայր Ս. եպս. Աշըգեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն կատարումով երգուեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի: «Հաւատամք»ի պահուն, զոյգ զանգերու ղօղանջին ներքեւ, հայրապետական թափօրը ծայր առաւ վեհարանէն, որուն առջեւէն կ՛ընթանար Ս. Լուսաւորիչին Աջը պարփակող արծաթապատ ու քանդակազարդ դրուագներով հարուստ դարաւոր արկղը, զոր երկիւղածութեամբ կը տանէին միաբան հայրեր` իբրեւ նուիրեալ պահապանները այս դարաւոր սրբութեան:

Պատարագիչ սրբազանը Ներսէս Լամբրոնացիէն առնելով իր բնաբանը խօսեցաւ օրուան քարոզը, որուն ընթացքին նախ անդրադարձաւ հայ Ժողովուրդի մեծագոյն սուրբի կեանքին ու զոհաբերութեան, ապա վեր առաւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ անհրաժեշտութիւնը մեր քրիստոնէական  կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդը հաւատքի երկունքէն ծնած ըլլալով` պէտք է պահէ իր նախնիներու դարաւոր սուրբ հաւատքը: Ապա, սրբազանը երկու սրբութիւններ մատնանշեց` եկեղեցի եւ հայրենիք, որոնց նկատմամբ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ հայ ժողովուրդը: Ուստի, ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին միշտ եկեղեցի յաճախելու եւ Աստուծմով զօրանալու:

Պատարագէն անմիջապէս ետք միաբան հայրերէ, քահանայից դասէն ու դպրեվանքի սաներէ կազմուած մեծահանդէս թափօրը` գլխաւորութեամբ վեհափառին, Ս. Աթոռի բազմաթիւ սրբազան մասունքներով մայրավանքին ամբողջ շրջանը կատարեց: Թափօրի ընթացքին մեծեր թէ փոքրեր երկիւղածութեամբ կը մօտենային Ս. Աջին` իրենց ուխտը ներկայացնելով Աստուծոյ, մեծ սուրբին աղօթքներուն ու բարեխօսութեան ապաւինելով: Ապա, երբ թափօրը դարձեալ մուտք գործեց Մայր տաճար, վեհափառը եւ հոգեւորականաց դասը բարձրացան խորան, ուր տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը` «Աջովն Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին»: Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. Լուսաւորչի Աջով, իսկ միաբան հայրեր այլ սուրբերու աջերով ու մասունքներ պարունակող խաչերով օրհնութիւն բաշխեցին հաւատացեալներուն:

Վեհափառը այս առիթով ընթերցեց հիւանդներու բժշկութեան յատուկ «Փարատեա՛» աղօթքը եւ հաւատքի մէջ ամրապնդուելու կոչ ուղղեց ներկայ բարեպաշտներուն: Ջրօրհնէքէն ետք Ս. Լուսաւորիչի Աջը դրուեցաւ մայր խորանի բեմին վրայ` միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ, ու հայ թէ օտար հաւատացեալներ մինչեւ գիշերուան ժամը 8:00, եկան մայրավանք համբուրելու համար զայն: Աջահամբոյրէն ետք բոլոր հաւատացեալները հերթաբար ուղղուեցան նաեւ Ս. Երրորդութեան խորան, այնտեղ եւս ծնրադրելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքին առջեւ` սրբավայրին մէջ ծնրադիր իրենց աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած:

 

Share this Article
CATEGORIES