ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՋՆՋՈՒԱԾ»

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 8 ապրիլին հրապարակուած մարդկային իրաւանց վերաբերող տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական եւ քրտական հարցերուն վերաբերող պաշտօնական թեզին հակասող տեսակէտներ արտայայտողներու նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու վտանգը տակաւին չէ ջնջուած:

«Մարդկային իրաւանց 2010» զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի խօսքի եւ մամուլի ազատութեան, դատական համակարգին, Էրկենեքոն ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ հետաքննութեան, քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածին եւ այլ հարցերու:

«Մամուլի եւ խօսքի ազատութեան» բաժինին մէջ կը նշուի, որ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ գործող օրէնքներով կ՛երաշխաւորուի մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը, սակայն «պետութիւնը կը շարունակէ բազմաթիւ պարագաներու սահմանափակել այդ ազատութիւնները»: «Բազմաթիւ պարագաներու անհատները կը խուսափին հրապարակաւ քննադատելու պետութիւնը կամ կառավարութիւնը` իրենց դէմ այդ քայլին համար հետաքննութիւն սկսելու վտանգի գոյութեան պատճառով: Իշխանութիւնները կը սահմանափակեն քրտական ազգայնականութեան եւ տարբեր կրօնական, քաղաքական ու մշակութային հայեացքներու համակիրներու խօսքի ազատութիւնը», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Հասարակութեան մէջ կը շարունակուին աշխուժ քննարկումները բանակի դերին, իսլամութեան, քաղաքական իսլամութեան, քիւրտերուն, ալեւիներուն եւ հայկական հարցին վերաբերեալ: Սակայն, միւս կողմէ, այդ նիւթերուն, մասնաւորաբար բանակին, հայկական եւ քրտական հարցերուն վերաբերեալ գրաւոր եւ բանաւոր տեսակէտներ արտայայտողներու նկատմամբ կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ հետաքննութիւն սկսելու վտանգը»:

Միւս կողմէ, Մամլոյ միջազգային հիմնարկը 4 ապրիլին իր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը աւելի է, քան աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ, ներառեալ` Չինաստանի եւ Իրանի: «Մինչ Իրան եւ Չինաստան դեկտեմբերի ընթացքին այդ ցուցակը կը գլխաւորէին` իւրաքանչիւրը 34 արգելափակուած լրագրող ունենալով, Թուրքիա` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու մը, հինգ ամիս ետք գրեթէ կրկնապատկեց այդ թիւը` երկրին մամլոյ ազատութեան եւ իր ժողովրդավարական վարկին նկատմամբ հարցականներ ստեղծելով», կը նշէ հիմնարկի մամլոյ ազատութեան խորհրդական Սթիվըն Մ. Էլլիս: Հիմնարկը իբրեւ հիմք որդեգրած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրապարակուած զեկուցում մը, ըստ որուն Թուրքիոյ մէջ ներկայիս 57 լրագրողներ բանտարկուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES