Ռուսիա Կոչ Կ՛Ուղղէ Սուրիոյ Շուրջ Թուրքիոյ Եւ Իրանի Մասնակցութեամբ Միջազգային Ժողով Մը Գումարելու

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանին` Սուրիոյ շուրջ Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ միջազգային ժողով մը գումարելու: Ան ըսաւ, որ Չինաստան եւ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ Անանի ծրագիրին հարցով իրենց քայլերը պիտի համակարգեն:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը կրնայ «աղէտի» առաջնորդել:

Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Իրանը այդպիսի ժողովի մը հրաւիրելու Լաւրովի առաջարկին անդրադառնալով յայտնեց, որ «իր ժողովուրդին դէմ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յարձակումը ղեկավարող երկիր մը հրաւիրելը պատկերացնելը որոշ չափով դժուար է»` աւելցնելով, որ Իրան Սուրիոյ տագնապին մաս կը կազմէ:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի հռչակաւոր յօդուածագիր Տէյվիտ Իկնաթիուս կը գրէ, որ «Քոֆի Անան հապճեպ կերպով կ՛աշխատի իր խաղաղութեան մահամերձ ծրագիրին յարութիւն տալու համար Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման ճանապարհային քարտէսի մը վրայ, որ կրնայ ներառել ի շարս այլոց Ռուսիան ու Իրանը»` աւելցնելով, որ «ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարի ծրագիրը երէկ ուրուագծուած է դիւանագէտի մը կողմէ, որ ծանօթ է ՄԱԿ-ի առաքելութեան: Կ՛ակնկալուի, որ այդ առաջարկը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուի այս շաբաթավերջին, իսկ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ Անանի խաղաղարար միջնորդութիւնը, ինչպէս կ՛երեւի, փակուղի մտած է»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու համար Անան իր «շփման խումբին մէջ» պիտի ներառէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները, ինչպէս նաեւ` Սէուտական Արաբիան եւ հաւանաբար արաբական պետութիւններու ներկայացուցիչ Քաթարը: Նաեւ` Թուրքիան եւ Իրանը: Գաղափարը այն է, որ ստեղծուած իրավիճակին վրայ մեծագոյն ազդեցութիւն ունեցող երկիրները համախմբուին: Խումբը իշխանութեան փոխանցման ծրագիրը պիտի ներկայացնէ նախ Ասատի, ապա` սուրիական ընդդիմութեան: Պիտի առաջարկուի Ասատի յաջորդը ընտրելու նպատակով նախագահական, նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել եւ նոր սահմանադրութիւն որդեգրել:

Սոյն ծրագիրով կ՛ենթադրուի, որ Ասատ ապաստան պիտի գտնէ Ռուսիոյ մէջ, ուր, ըստ լուրերուն, սուրիական հաշիւներուն 6 միլիոն տոլար փոխանցուած է: Իրան եւս Ասատի եւ անոր ընտանիքին ապաստան առաջարկած է:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնէ, որ «կ՛ուզենք միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրին մէջ նախատեսուածին հիմամբ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին մէջ արագ յառաջդիմութեան պատկերացումի մը համար Ռուսիոյ հետ սերտ կերպով աշխատիլ»: Ան նշեց, որ իրենք կը շարունակեն այն կարծիքը ունենալ, որ արատ արիւնահեղութենէն ետք Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ փոփոխութեան փոխանցման հանգրուան մը մուտք գործելու համար պէտք է իշխանութենէն հեռանայ:

Ուաշինկթընի մէջ հաւաստի աղբիւրներ լոնտոնեան «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ռուսական կողմը մասնաւորաբար սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէջ առանցքային ազդեցութիւն ունի եւ այդ կառոյցին ապագային շուրջ կը բանակցի:

«Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Փենթակոն կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ կատարել զինուորական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան դէմ ելեկտրոնային յարձակում մը կը նախատեսէ: Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ փորձագէտներ կը զգուշացնեն, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը կրնայ քաղաքացիական բուռն պատերազմ մը յառաջացնել»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպի շեշտած է, որ սուրիական տագնապի լուծման պէտք է հասնիլ միայն դիւանագիտական ճամբով: Ան աւելցուցած է, որ «Ասատի համախոհները տակաւին կարելիութիւն ունին ճիշդ քայլերու դիմելու: Ասատ պէտք է հրաժարական տայ եւ մարդոց սպանդը դադրեցնէ»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Թուրքիան ո՛չ իր դրացի, ո՛չ ալ աւելի հեռու երկիրներու ներքին գործերուն խառնուելու նպատակ ունի»: Ան նշած է, որ երբ երկրի մը մէջ պատերազմ է, բախումները, գաղթականները, ահաբեկչութիւնը նաեւ դրացիները կը մտահոգեն:

«Մեր միջամտութիւնը, յաճախ այդ մասին բարձրաձայնելը չի նշանակեր, թէ ներքին գործերուն կը խառնուինք, պարզապէս ցոյց կու տանք, որ մտահոգուած ենք: Մեր նպատակը երբեք Սուրիոյ ներքին գործերուն խառնուիլը չէ: Սակայն որովհետեւ գիտենք, որ Սուրիոյ «հրդեհը» ամբողջ շրջանին վրայ պիտի ազդէ, մենք պարզապէս կը զգուշացնենք եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը ատոր վրայ կը հրաւիրենք», ըսաւ Էրտողան:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով Լիբանանի մէջ արդէն 10 հազար սուրիացի գաղթականներ կան, Յորդանանի մէջ եւս հազար գաղթականներ կան, իսկ Թուրքիոյ մէջ այսօրուան դրութեամբ 24 հազար սուրիացի գաղթական կը բնակի: «Այսինքն` իրադարձութիւնները Սուրիոյ սահմաններուն մէջ չեն մնար, այլ ամբողջ շրջանին մէջ կը տարածուին», ըսած է ան:

Նշենք, որ Ասատ երէկ հրամանագիր մը հրապարակելով Ռիատ Ֆարիտ Հիժապը վարչապետ նշանակեց եւ զայն լիազօրեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու:

 

Share this Article
CATEGORIES