Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպանը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Հըպէյշ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական ուժերուն դիրքաւորումը պահելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել նաեւ շրջանին անվտանգութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անձամբ մասնակցին Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան վերահաստատումը առաջնահերթութիւն է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը նախատեսէ, որ յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին դրական զարգացում մը արձանագրուի Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն պասը վերածուի Այն Ռըմմանէի պասին:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ մարմնի բարձրաստիճան զինուորական մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը սկսելու մթնոլորտը ինքզինք սկսած է պարտադրել:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային լարուածութիւնը երկիրը կը զետեղէ քաղաքացիական պատերազմի սեմին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը 700 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութինը` 800 լ. ոսկիով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան, պայմանաւ որ անիկա ոչ մէկ յուսալքում պատճառէ կամ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը չխախտէ:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան շարժումները մաս կը կազմեն իսրայէլեան ուժերուն ռազմափորձերուն:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի խորհրդակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին զիրենք ներկայացնող անձնաւորութիւններուն մասին, եթէ որոշեն մասնակցիլ այդ նիստին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է առանց նախապայմանի մասնակցիլ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին հզօրացման:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ ապահովական եւ տնտեսական հարցերուն լուծումը կառավարութեան մօտ առկայ է:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը աշխուժ եւ գործունեայ մարմին մը դարձնելու նպատակները առկայ են եւ ժամանակն է, որ կառավարութիւնը փոխէ իր գործելաոճը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կան որոշ ազդակներ, որոնք լիբանանեան քաղաքական ուժերուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն` Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ երկրին ելեւմուտքի թղթածրարին լուծման առումով ցարդ նորութիւն չէ արձանագրուած:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը մտադրութիւն եւ կամք չունի սրբագրելու իր ընթացքը:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար սկսած է կազմակերպել հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ժապալ Մըհսենէն եւ Պապ Թըպպանէէն ներկայացուցիչներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը պատրաստ է հրկիզելու Լիբանանը` իր իշխանութիւնը պահելու համար:

