Մանսուր Պասրայի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Լիւքսամպուրկի յատուկ պատուիրակ Ժան Վալթզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Վալթզ շեշտեց, որ Լիբանան այցելութեան իր նպատակն է Լիբանանի օժանդակութիւնը խնդրել` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Լիւքսամպուրկի անդամակցութեան առնչութեամբ:
Միւս կողմէ, Մանսուր ընդունեց նաեւ Իրաքի Պասրա նահանգի տեղական կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նահանգի վարչապետ Սապահ Հասան Պազունի եւ Պասրայի մէջ ներդրումներու խորհուրդի նախագահ Խալաֆ Պատրանի, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարութեան պատասխանատուները` ներկայութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու, Պասրայի մէջ ներդրումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ Պասրայի մէջ լիբանանեան հիւպատոսարան մը բանալու հեռանկարները:

