Նախարար Սապունճեան Քննարկեց Պասրայի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Կարելիութիւնները

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան ընդունեց Իրաքի Պասրա նահանգի տեղական կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նահանգի վարչապետ Սապահ Հասան Պազունի եւ Պասրայի մէջ ներդրումներու խորհուրդի նախագահ Խալաֆ Պատրանի, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարութեան պատասխանատուները` ներկայութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Պասրայի աշխարհագրական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, որ Պասրա կ՛արտածէ Իրաքի քարիւղին 90 առ հարիւրը, հետեւաբար Սէուտական Արաբիայէն ետք ան քարիւղի երկրորդ գլխաւոր շրջանը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ կը նկատուի շրջան մը, որ կը կարօտի ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի մարզերուն յատուկ ներդրումներու:

Հանդիպումին ընթացքին Պազունի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն օժանդակելու Պասրայի մէջ ճարտարարուեստի բարգաւաճման եւ ծրագիրներու մշակումին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Պասրայի միջեւ ուղղակի թռիչքներու սկսելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, նախարար Սապունճեան հաստատեց լիբանանցի եւ իրաքցի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական եւ հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ լիբանանցիները կրնան նպաստել Պասրայի ճարտարարուեստին բարգաւաճման:

Նախարար Սապունճեան առաջարկեց կազմակերպել լիբանանցի գործատէրերու կողմէ Պասրա կատարուելիք հետախուզական այցելութիւն մը` սերտելու համար ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES