Պըրրի Կը Նախագահէ Դրական Մթնոլորտով Համակուած Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումի Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որ դրական մթնոլորտով եւ լաւատեսութեամբ համակուած էր:
Պըրրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ ան լաւատես է կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք դրական աշխատանքներուն առնչութեամբ:
Երեսփոխանները յայտնեցին, որ նախանցեալ երեկոյեան Պըրրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կառավարութեան կատարելիք բոլոր աշխատանքները:
Երեսփոխանները նաեւ նշեցին, որ իշխանութեան երկու պետերը անհրաժեշտ նկատած են նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցութիւնը եւ շեշտած են անոր կարիքները հոգալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ արձանագրուող ապահովական բոլոր խախտումները, յատկապէս Թրիփոլիի լարուածութիւնը փարատել:
Պըրրի ընդունեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որ յայտնեց, թէ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը օրինագիծեր եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստերուն վերաբերող հարցը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Գիտական հետազօտութեան ազգային խորհուրդի վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ժորժ Թոհմէի:
Այս այցելութիւնը կատարուած էր խորհուրդին հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին խորհուրդը իր բոլոր կարողութիւնները դրաւ լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք առաջին օրէն իսկ կոչ ուղղած է լուծելու կառավարութեան իսկական հարցը, որ կը կայանայ անոր ընդհանուր աշխատանքին անդամալուծութեան մէջ:
Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ինք նախապէս պատասխանատուներուն յայտնած է, թէ ինք պիտի չմիջամտէ նիւթական գումարներ ապահովելու այնպիսի կառավարութեան մը, որ ինքն իր աշխատանքները կ՛արգելակէ:
Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան համար անհրաժեշտութիւն է իր աշխատելաձեւին փոփոխութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է արագացնել քարիւղի պեղումները: «Մինչ Իսրայէլ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներ կը կատարէ, մենք իրարու կը պեղենք», շեշտեց Պըրրի` մաղթելով ուղղել այդ կողմնացոյցը:


