Նախագահ Սլէյման Այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Քաթար

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահը կը դիմաւորէ նախագահ Սլէյմանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուրկէ ուղղուեցաւ Քաթար եւ ապա վերադարձաւ Պէյրութ:

Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ:

Ռաուտայի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Էմիրութիւններուն մէջ աշխատող լիբանանցի գործատէրերը Լիբանան վտարելու թղթածրարը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է հիւրընկալելու իմարաթցի զբօսաշրջիկները եւ հսկելու անոնց անվտանգութեան:

Նախագահ Սլէյման նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ երկուշաբթի օրուան ընթացքին պիտի գումարուի Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ պիտի օժանդակէ երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդման եւ Լիբանանը հեռու պահէ շրջանային իրադարձութիւններէն:

Իր կարգին, շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիան շեշտեց, որ Լիբանանի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն յարաբերութիւնները ամրապնդուած են եւ աւելի եւս պիտի զօրանան:

Նախագահ Սլէյման շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանը պարգեւատրեց Մայրիներու ազգային շքանշանի բարձրագոյն մետալով` բարձր գնահատելով երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման եւ շէյխ Համատ

Նախագահ Սլէյման այցելեց նաեւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյմանի կողմէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն յղուած Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրները:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Համատ ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջարաբական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախագահ Սլէյմանի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ կառավարութեան պիւտճէն` օրինական կերպով: Ան նկատել տուաւ, որ բոլորը քաջ գիտեն, թէ այդ պիւտճէն մաս կը կազմէ պետական պիւտճէի նախագիծին, «հետեւաբար մինչեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը մենք պիտի որոշենք իւրաքանչիւր նախարարութեան նիւթական կարիքները հոգացող գումարներ ճշդել եւ զայն յղել խորհրդարան, որպէսզի վաւերացնէ զայն»:

Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ իր կարծիքով, խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ այդ օրինագիծը, սակայն «այդ օրինագիծին վաւերացումը մերժելու պարագային, ապա ստիպուած պիտի ըլլամ ստորագրելու զայն եւ վաւերացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պետութեան աշխատանքն ու ջանքերը շարունակել»:

Յառաջիկայ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք տակաւին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն վերջնական եւ պաշտօնական պատասխաններ չէ ստացած` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ կողմի շահերուն կը ծառայէ երկխօսութեան մերժումը:

Share this Article
CATEGORIES