Մինչ Արսալի Մէջ Ապահովական Խախտումներ Կ՛Արձանագրուին, Կառավարութեան Այսօրուան Նիստէն Շատ Բան Կ՛ակնկալուի

Կառավարութիւնը այսօր նոր շունչով մը պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:

Պաապտայի մէջ գումարուելիք այս նիստին տարբերութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ նախօրօք համաձայնութիւն գոյացած է` արդիւնաբեր նիստ մը ունենալու եւ օրակարգի վրայ գտնուող հարցերուն լուծումներ գտնելու, ինչպէս` կառավարութեան պիւտճէի յատկացման օրինականացումը, պետական նշանակումները, ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, 2012-ի պետական պիւտճէի եւ բարգաւաճման որոշ ծրագիրներու վաւերացումը:

Հետեւաբար, երէկ առաւօտեան նախարարութիւններուն աշխատանքը աշխուժացաւ եւ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին խորհրդակցութիւններ կատարուեցան այսօրուան նիստին վերաբերեալ:

Մինչ կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ դարձնելու ջանքերը եւ յառաջիկայ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը իրենց դրական ազդեցութիւնները ձգեցին երկրին ընդհանուր մթնոլորտին վրայ, Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները դարձեալ մտահոգեցին քաղաքացիները:

Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Խըրպեթ Տաուտ շրջանին մէջ լիբանանցի զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ:

Բայց եւ այնպէս կարելի եղաւ տիրող այդ կացութիւնը քանի մը ժամուան մէջ հակակշիռի տակ առնել` շնորհիւ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին արագ դիրքաւորումին:

Բանակին դիրքաւորումին եւ անոր շրջուն ջոկատներուն հսկողութեան իբրեւ արդիւնք Արսալի մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն:

Նշենք սակայն, որ լիբանանցի զինեալներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ զինեալ բախումներուն ընթացքին օգտագործուած էին գնդացիրներ եւ հրթիռներ:

Share this Article
CATEGORIES