ԷԼԻ ՊՍԱՅՊԵՍ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Լիբանան երէկ վկայեց Պէյրութի եւ Հիւսիսային Լիբանանի ճարտարապետներու սենտիքաներու ընտրութիւնները, որոնց աւարտին Էլի Պսայպես 6699 թեր քուէներով ընտրուեցաւ Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ, մինչ անոր մրցակիցը` Իմատ Ուաքիմ եւ անոր նախագահած ցանկը ստացան միայն 6412 քուէ:
Քուէարկութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, երբ քուէատուփերը փակուեցան եւ սկսաւ քուէահամարը:
Պէյրութի մէջ ընտրական սուր մրցակցութիւն կայացաւ հիմնական երկու ընտրացանկերու միջեւ, որոնք բաժնուած էին Ազգային ազատ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուին առաջադրած ցանկին մաս կազմեցին Էլի Պսայպես, Փոլ Հաժ, Այման Զահրէտտին, Մուսթաֆա Ֆաուազ, Ռուտոլֆ Քարամ եւ Մոհամետ Պասպուս, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուին ցանկին մաս կազմեցին Իմատ Ուաքիմ, Իպրահիմ Թիյյարա, Մոհամետ Շամաա եւ Փիեռ Ժահարա:
Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի անդամ 27,500 անձնաւորութիւններէն 13,200-ը մասնակցեցան ընտրութիւններուն` քուէարկութեան համեմատութիւնը հասցնելով 50 առ հարիւրի:
Սենտիքայի նախագահի թեկնածու Էլի Պսայպես շեշտեց, որ ճարտարապետներու սենտիքային մէջ կը տիրէ ընտրական դրական մթնոլորտ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ օտար երկիրներէն լիբանանցի ճարտարապետները քուէարկութեան մասնակցելու նպատակով Լիբանան փոխադրելու երեւոյթը այս տարի եւս կրկնուած է:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ լիբանանցի ճարտարապետներ փոխադրող երեք օդանաւներ Ժետտայէն ժամանած են Պէյրութ` աւելցնելով, որ անոնք քուէարկած են յօգուտ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:
Նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն Մուսթաքպալ հոսանքը ամբաստանեց հսկայ գումարներ քաղաքական նպատակով օգտագործելու յանցանքով:
Նշենք, որ հիւսիսային Լիբանանի ճարտարապետներու սենտիքայի ընտրութիւններուն պարագային Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկը յաղթանակ արձանագրեց` Պաշիր Զուքը ընտրելով սենտիքայի նախագահ: