ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Աքքարի Մաշթա Հասան գիւղը, ուր յայտնեց, թէ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները մնայուն զարգացումի եւ բարգաւաճման մէջ կը գտնուին: Այս ծիրին մէջ Էօզեըլտըզ ընդգծեց, որ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները սկսած են բարելաւուիլ 2004-ին, իսկ 2006-ին այդ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են, երբ Թուրքիա օժանդակած է լիբանանցի ժողովուրդին` պատերազմէն ետք վերականգնելու իր կրթական եւ առողջապահական համակարգերը:
Էօզեըլտըզ հաստատեց, որ հետագային լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին ու ամրապնդուին եւ աշխուժանան` նկատի ունենալով գործադրուելիք երկկողմանի համաձայնագիրները:
CATEGORIES Լիբանանեան