ԱՐՍԼԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԼԷՅ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՀԱՐԻՐԻԻՆ

Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ այցելեց Ալէյ, ուր անդրադարձաւ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Իրանի դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն` նկատել տալով, որ ըստ երեւոյթին, Հարիրի շուարած է Լիբանանի բարեկամներուն եւ թշնամիներուն միջեւ:

Արսլան դիտել տուաւ, որ Հարիրի տակաւին անցեալ դեկտեմբերին Ֆրանսա իր կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Էլիզէի պալատին առջեւ հաստատած էր, որ Իրան բարեկամ երկիր է եւ Լիբանան կը մերժէ Իրանի դէմ որեւէ մարտահրաւէր կարդալ: «Մինչ իսրայէլեան օդուժը կը ռմբակոծէ Կազան եւ ամէնօրեայ դրութեամբ սպանդներ կը գործէ պաղեստինցիներուն դէմ, Հարիրի կը զարմացնէ մեզ Իրանի դէմ իր շղթայազերծած այս ահաւոր արշաւով», ըսաւ Արսլան:

Ան շեշտեց, որ սադրանքները միայն խօսքով կը հրահրուին եւ կը նախապատրաստուին: «Իրանի դէմ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները դադրեցան պետական անձնաւորութեան մը պատասխանատու խօսքերը ըլլալէ: Մենք վստահ ենք, որ ան շուարած է Իրանի եւ Իսրայէլի դերակատարութեանց միջեւ», շեշտեց Արսլան:

 

Share this Article
CATEGORIES