ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ ՑՈՅՑԸ` ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՌԻԱՏ ՍՈԼՀ

Համայնքային վարչակարգի տապալման շարժումի չորրորդ կեդրոնական ցոյցը

Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային վարչակարգի տապալման շարժումի խաղաղ ցոյց մը տեղի ունեցաւ երէկ Թանգարանի շրջանին մէջ, ուրկէ ցուցարարները ուղղուեցան դէպի խորհրդարան, սակայն Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ ցուցարարները կասեցուցին իրենց քայլարշաւը` պպահովական ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին կողմէ զետեղուած արգելքներուն եւ ապահովական խիստ միջոցառումներուն պատճառով:

Համայնքային վարչակարգին դէմ տեղի ունեցած այս ցոյցը սկսաւ կէսօրուան ժամը 12:30-ին` Թանգարանէն: Հազարաւոր ցուցարարներ անցան զինուորական ատեանին մօտէն եւ ուղղուեցան դէպի Պարպիր, Նուէյրի, Պասթա եւ Պաշուրա, ուրկէ անոնք հասան Ռիատ Սոլհի հրապարակ:

Ցուցարարները պահանջեցին փոփոխութեան ենթարկել ընտրական օրէնքը` զայն վերածելով այնպիսի օրէնքի մը, որ հիմնուած է համամասնական օրէնքի վրայ, որ ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի կը վերածէ եւ ընտրութիւններուն մասնակցութեան առիթ կու տայ 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն:

Համայնքային վարչակարգին դէմ բողոքող քաղաքացիները մերժեցին քաղաքացիական պատերազմը եւ ժողովրդավարութիւն պահանջեցին` շեշտելով, որ իրենց շարժումը ո՛չ Մարտ 8-ի կը զօրակցի եւ ո՛չ ալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կը զօրակցի:

Երէկուան ցոյցին ընթացքին ակներեւ էր այն երեւոյթը, որ լիբանանեան դրօշներուն կողքին ցուցարարները իրենց հետ բերած էին լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերը խորհրդանշող գոյներով փուչիկներ` շեշտելու համար, որ այդ գոյները բոլոր քաղաքացիներուն կը պատկանին եւ ոչ թէ կուսակցութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES