Ըստ «Զաման»-Ի Թուրքիա Հայաստանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պոլիս Հրաւիրած Է

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, որ մօտ օրէն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան ղեկավարութիւնը պիտի ստանձնէ, 26 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք համագործակցութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին հրաւիրած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

«Զաման» կը հաղորդէ, որ Անգարա հայկական կողմին հրաւէրը արդէն ուղարկած է, կը սպասէ պատասխանին եւ դրական պատասխանի ակնկալիք ունի: Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիա Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակցած էր արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Թուրք պաշտօնատարները յոյս յայտնած են, որ Հայաստան չմերժէ հրաւէրը եւ ընդհանուր ժողովին մասնակցի գոնէ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով:

Այս տարի Թուրքիոյ մէջ պիտի նշուի այդ կառոյցի հիմնադրման 20-ամեակը: Մասնակցութեան հրաւէր ուղարկուած է կառոյցի անդամ բոլոր երկիրներու նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES