Քլինթըն Պաքուի Մէջ Կը Յայտարարէ. «Հայ-Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ Իրավիճակի Սրումը Պէտք Է Դադրեցնել»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ ցաւ յայտնելէ ետք յայտարարած է. «Ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ անկանխատեսելի հետեւանքներու, ինչ որ պէտք է դադրեցուի: Մենք պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանինք եւ հետեւինք, որ զինադադարի մասին համաձայնագիրը պահպանուի»: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմ չի սկսիր:
«Այս բռնարարքները պէտք է դադրին: Ազրպէյճանի նախագահին հետ իմ հանդիպումիս ընթացքին ես ըսի, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են իրենց կարելին ընելու տագնապի լուծման համար», ըսած է Քլինթըն:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ նոր մօտեցումներ պիտի ըլլան, եւ այդ հարցը պիտի քննարկուի երկու շաբաթ ետք, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին:
Էլմար Մամետեարով իր կարգին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Քլինթընի այցելութեան ընթացքին քննարկուած գլխաւոր հարցերէն մէկն էր: «Տագնապի լուծման ուղղութեամբ յառաջխաղացք արձանագրելու համար շարք մը գաղափարներ արտայայտուեցան: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութեանց յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 18 յունիսին` Փարիզի մէջ», ընդգծեց Մամետեարով:


