Թոքիոյի Մէջ Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ճափոնի Վարչապետին Հետ
Ճափոն տրուած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ այդ երկրի վարչապետ Եոշիհիքօ Նոտայի հետ:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնեց արքայազն Թոմոհիթօ Միքասանոմիյայի մահուան առիթով:
Հայաստանի նախագահը եւ Ճափոնի վարչապետը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները: Անոնք ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ – ճափոնական յարաբերութիւնները զարգացած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Սարգսեան եւ Նոտա նշեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ կայ: Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ բնական աղէտներու կանխարգիլման, անոնց հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը եւ փորձառութեան փոխանակումը: Համագործակցութեան առումով հեռանկարային նկատուեցան նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզերը:
Ճափոնի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը մտադիր է միջազգային հանրութեան հետ կիսուիլ հիւլէական կայաններու ապահովութեան բարձրացման հետ կապուած փորձով, եւ այդ նպատակով երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Ճափոնի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը:
Երկու կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ հայ – ճափոնական քաղաքական երկխօսութիւնը վերջին շրջանին աշխուժացած է, որուն վկայութիւնն է նաեւ Թոքիոյի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ եւս Ճափոնի դեսպանատան հիմնումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հարաւ-կովկասեան եւ Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան շրջաններու արդի հիմնահարցերը` արձանագրելով անոնց խաղաղ եւ բանակցային ճամբով լուծման երկու երկիրներու մօտեցումներուն ընդհանրութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան եւ Եոշիհիքօ Նոտա միացեալ յայտարարութիւն ստորագրեցին:
Երեկոյեան ի պատիւ Հայաստանի նախագահին Ճափոնի վարչապետին անունով տրուեցաւ պաշտօնական ճաշ:


