Ֆրանսա` Անհանգստացած
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ կացութեան վատթարացման վերաբերող յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի.
«Ֆրանսան, հանդիսանալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, անհանգստացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանին վրայ վերջին օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ: Կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն ալ խուսափելու ուժի կիրարկումէն եւ խստօրէն պահպանելու 1994 թուականին հաստատուած զինադադարի դրութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը զինուորական լուծում չունի: Կողմերը պէտք է յստակ հաւատարմութիւն պահպանեն խնդիրի խաղաղ լուծման` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին, ինչպէս նաեւ ուժ չգործածելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ»:

