Եուրօ-2012. Կարճ Լուրեր` Մարզիկներուն Առօրեայէն

Մարիօ Պալոթելլի

ԻՏԱԼԻՈՅ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի ապաքինած ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կիրակի, 10 յունիսին Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք առաջին մրցումին:

Նշենք, որ ան շաբաթասկիզբին տեղի ունեցած փորձերուն թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ:

ՉԵԽԻՈՅ ֆութպոլի ազգային խումբին բժիշկը` Փիթըր Քրեժսի յայտնեց, որ յառաջապահ Միլան Պարոշի մասնակցութիւնը` Ռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, կը մնայ կասկածելի, նկատի ունենալով, որ ան իր խմբակիցներուն հետ կատարած փորձերը չկրցաւ շարունակել` մկանային հարցեր ունենալուն պատճառով:

Սակայն խմբապետ Թոմաս Ռոսիքի ինքզինք աւելի լաւ զգալով վերսկսաւ իր փորձերուն:

Ա. հանգրուանի մրցումներուն Չեխիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Ռուսիա, Լեհաստան եւ Եւրոպայի նախկին ախոյեան Յունաստան:

Միլան Պարոշ

ՍՊԱՆԻՈՅ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը տեղեկացուց, որ միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս ինքզինք բաւական լաւ վիճակի մէջ զգալով իր խմբակիցներուն հետ վերսկսաւ իր փորձերուն:

Պարսելոնայի փլէյմէյքըրը վիրաւորուած էր նախորդ ամիս` Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին:

Ալվարօ Արպելաօ, որ վիզի հետ առնչուող հարցեր ունի, իր փորձերը կատարեց առանձին: Եթէ ան մինչեւ կիրակի օր չապաքինի, մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ շատ հաւանաբար անոր փոխարէն նկատի առնէ Խուանֆրանը:

Այլ մարզիկ մը` Խեսուս Նաւաս, ապաքինելէ ետք պիտի փորձէ շուտով միանալ իր խմբակիցներուն, որովհետեւ անոր աջ ձեռքը թեթեւօրէն վնասուած է:

ԱՆԳԼԻՈՅ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն ամբողջութեամբ անտեսած եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտը, երբ վիրաւոր յետսապահ Կերի Քահիլը (Չելսի) փոխարինեց Մարթին Քելիով (Լիվըրփուլ):

Նշենք, որ Քելի Անգլիոյ հետ իր առաջին մրցումը կատարեց նախորդ ամիս` Նորվեկիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:

Ա. հանգրուանին Անգլիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆրանսա, Շուէտ եւ Ուքրանիա:

 

Share this Article
CATEGORIES