Իրաւարարներու Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Հսկողներու Դասընթացքները Սկսան
Երէկ` չորեքշաբթի, 6 յունիսին, Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) սկսան իրաւարարներու եւ պասքեթպոլի մրցումներու հսկողներու դասընթացքները` գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՖԻՊԱ-ի մարզական տնօրէն Լուպոմիր Կութլիպայի:
Նշենք, որ դասընթացքներուն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, որ բոլորին մաղթեց յաջողութիւն:
CATEGORIES Մարզական


