Ուզպեքիստանի Ֆութպոլի Պատուիրակութիւնը Ժամանեց Պէյրութ
Երէկ` չորեքշաբթի, 6 յունիսին, Պէյրութ ժամանեց Ուզպեքիստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ բաղկացած է 37 հոգիէ (պատասխանատու եւ մարզիկ):
Երէկ խումբը թեթեւ փորձեր կատարեց Պէյրութի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Անիկա իր պաշտօնական փորձը պիտի կատարէ այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մարզական աւանին մէջ:
Այլ գետնի վրայ, այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի պիտի ունենայ թեքնիք ժողով մը ՖԻՖԱ-ի, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, օմանցի իրաւարարներուն եւ Լիբանանի ու Ուզպեքիստանի պատասխանատուներուն միջեւ:
Ապա, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը` երկու երկիրներուն մարզիչներուն եւ խմբապետներուն մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ Լիբանան – Ուզպեքիստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մարզական աւանին մէջ:

