50 Տարի Առաջ ( 8 Յունիս 1962 )
Խմբագրական
Վաստակաւոր Մը Եւ Իր Գործը
(Կ. Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը»)
Մեր իրականութեան մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք իրենց գրական անդրադարձով արժանի են անվերապահ գնահատանքի, առաւելաբար մեր մամուլի էջերէն, որոնք կոչուած են ընդգծելու հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ կատարուող ձեռնարկները, զանոնք դիտելով հայութեան ընդհանրական շահերուն անկիւնէն:
Այսպիսի երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, երբ յետադարձ հետաքրքրութեամբ մը կը թղթատենք ծանօթ մտաւորական եւ հրապարակագիր Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրք»-ի ինը հաստափոր հատորները:
Գրախօսականի բնոյթ չունին այս տողերը: Լիբանանէն սկսած մինչեւ հեռաւոր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող մեր թերթերը, գրեթէ ամէն տարի, գնահատական արտայայտութիւններ կ՛ունենան Կարօ Գէորգեանի այս գործին նկատմամբ` վասն գրախօսականի դրուած յօդուածներով: Յաճախ այդ յօդուածները վեր կը բարձրանան իւրաքանչիւր հատորի սահմանափակ շրջանակէն, վեր առնելու համար գործին ընդհանրական տարողութիւնը, միաժամանակ ընդգծելով հեղինակին աշխատելու կամքն ու բծախնդրութիւնը:
Եթէ նոյնիսկ նկատի չունենանք «Ամէնուն տարեգիրք»-ի ինը հատորներուն պարունակած գրական, ազգային, գեղարուեստական, հասարակական, քաղաքական եւ այլ բաժիններու այլապէս ճոխ ու այլազան բովանդակութիւնը եւ լուսարձակի տակ առնենք միայն հայկական գաղութներու անցեալ ու ներկայ պատմութեան վերաբերեալ հարիւրաւոր էջերը, գնահատանքի խօսք միայն կրնանք արձանագրել անոնց հեղինակին, որ ի գին նիւթական եւ այլ բազմաթիւ զոհողութիւններու, կրցած է պարզ ու ճշգրիտ տուեալներով տալ սփիւռքահայ կեանքը, իր բազմապիսի երեսներով:
Վերջին հատորի այս բաժինը, օրինակ, յատկացուած է ամերիկահայ գաղութի անցեալ ու ներկայ պատմութեան առաջին մասին: Յառաջիկայ տարի պիտի տրուի շարունակութիւնը, նոյնքան մեծ ծաւալով եւ վստահ ենք` առաւել շահեկանութեամբ եւ բծախնդրութեամբ: Ասկէ առաջ տրուած են Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Պարսկաստանի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Եւրոպայի գաղութները` բոլոր այն նիւթերով, որոնք դրուած են հեղինակին տրամադրութեան տակ, նոյն գաղութի պաշտօնական մարմիններուն, պատասխանատու անձնաւորութեանց եւ ականաւոր դէմքերուն կողմէ:
Կարօ Գէորգեանի գործին այս բաժինը չի դրուիր լսովի տեղեկութիւններու հիման վրայ կամ թղթակցութիւններով: Այլ հեղինակը անձամբ, նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով եւ իր նիւթերը առաւելագոյն ճշգրտութեամբ ստուգելու պարտաճանաչութեամբ, ամէն տարի կ՛այցելէ գաղութ մը, ամիսներով կը շրջի իւրաքանչիւր քաղաք, կը կազմակերպէ հանդէսներ, կը պրպտէ տոմարներ, կը քրքրէ հին ու արժէքաւոր փաստաթուղթեր, կը գտնէ անտիպ նկարներ ու գրութիւններ, կարենալ գոհացում տալու համար իր ընթերցողներու ակնկալութիւններուն, որոնց վարժութիւնը տուած է բազմամեայ իր բարեխիղճ գործունէութեամբ:
Նման գործ մը, այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պարագային, կը կատարուի մասնագիտական հաստատութիւններու կողմէ, որոնք տասնեակներով խմբագիրներ ունին, հարիւրաւոր թղթակիցներ զանազան երկիրներու մէջ, իւրաքանչիւրը հմուտ` իր ընտրած ճիւղին:
Բայց մեր կեանքին տուեալները տարբեր են ու սահմանափակ: Կարօ Գէորգեան, ինչպէս իրմէ առաջ ուրիշներ, չէր կրնար խուսափիլ մեր կացութեան արդիւնք եղող այս ընդհանուր կանոնէն: Կարօ Գէորգեան, իր այս լայնածաւալ ձեռնարկին մէջ, բացի ընթերցող լայն զանգուածներու քաջալերանքէն, չէ վայելած որեւէ ուղղակի օժանդակութիւն, այլ վստահած է միայն իր անձնական ուժերուն` արժանանալով իր այցելած գաղութներու պատասխանատու մարմիններուն բարեացակամութեան:
Կասկած չունինք, որ Կարօ Գէորգեանին ոչ կորովը կը պակսի, ոչ ալ պատրաստակամութիւնը ամբողջացնելու շարքը հայկական գաղութներու պատմութեան, որուն մէջ ապագայ պատմաբանը պիտի գտնէ թանկագին նիւթեր` սփիւռքահայ կեանքի համայնապատկերը կազմելու համար, բազմամեայ իր նուաճումներով:

