Արուեստի Աշխարհէն. Լուվր Կը Հաստատէ…

«Մոնա Լիզա» եւ Լէոնարտոյի աշակերտին տարբերակը

ԼԷՈՆԱՐՏՕ ԻՐ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-Ն ԱՒԱՐՏԱԾ Է ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, ՔԱՆ ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ԿԱՐԾՈՒԷՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱՑՆԷ «ՏԻ ԱՐԹ ՆԻՒԶՓԷՅՓԸՐ»:

Լուվրի թանգարանը կը հաստատէ, թէ «Մոնա Լիզա»-ի  թուականը արմատական փոփոխութեան ենթարկուած է: Ցարդ կը կարծուէր, թէ Լէոնարտօ այս դիմանկարը գծած էր 1503-1506-ի միջեւ: Սակայն այս թուականը պաշտօնապէս փոխուած է 1503-1519-ին: Յատկանշական փոփոխութեան պատճառները կը բացատրուին այս օրերուն Լուվրի մէջ «Սուրբ Աննան` Լէոնարտօ տա Վինչիի գերագոյն գլուխ գործոցը» վերնագիրով ցուցահանդէսին պատկերագիրքին մէջ:

Փոփոխութիւնը արդիւնք է վերջերս Լուվրի կողմէ Լէոնարտոյի գործերուն գիտական ուսումնասիրութեան: Թանգարանին մէջ ցուցադրուող «Աստուածածինը եւ Մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարին եւ Փրատոյի թանգարանին հաւաքածոյին մաս կազմող «Մոնա Լիզա»-ի մէկ ընդօրինակութեան վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ անոնք գծուած են նոյն ժամանակներուն, եւ հաւանաբար գեղանկարիչը շարունակած է անոնց վրայ աշխատիլ մինչեւ 1519, Ֆրանսայի մէջ իր մահէն կարճ ժամանակ մը առաջ:

Ապացոյցներուն մէկ մասը կու գայ Փրատոյի հաւաքածոյին մաս կազմող ընդօրինակութենէն: «Մոնա Լիզա»-ի ընդօրինակութեան եւ բնօրինակին մէջ պատկերուած խորապատկերը կը թուի, թէ մասամբ հիմնուած է գծագրութեան մը վրայ,  որ կը պատկանի Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքին հաւաքածոյին, ուր կը նշուի, թէ անիկա իրագործուած է 1515-1520-ի միջեւ: Այս գծանկարը 21 այլ գործերու շարքին փոխ տրուած է Բրիտանիոյ թագուհիին կողմէ եւ մաս կը կազմէ Լուվրի ցուցահանդէսին:

Լուվրի ցուցահանդէսը կը նշէ աւարտը «Աստուածածինը եւ Մանուկը Ս. Աննային հետ» գեղանկարին պահպանութեան աշխատանքներուն: Անոր վերանորոգութիւնը հովանաւորած էր Թայուանի մէջ հաստատուած «Քուանթա» համակարգիչներու ընկերութեան սեփականատէր Պարի Լամ, որ նաեւ կը պահէ չինական գեղանկարներու հաւաքածոյ մը: Առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի այս գեղանկարին ետեւի մասը, որուն վրայ երեք գծանկարներ յայտնաբերուած էին 4 տարի առաջ:

«Մոնա Լիզա»-ի բնօրինակը կը շարունակուի ցուցադրուիլ իր ընդմիշտ խճողուած պատկերասրահին մէջ` Լուվրի գլխաւոր պատկերասրահներուն շարքին, ուր մօտ օրէն պիտի զետեղուի անոր թուականը նշող նոր ցուցատախտակ մը: Փրատոյի թանգարանին մէջ ցուցադրուող ընդօրինակութիւնը, որ մաս կը կազմէ ցուցահանդէսին, հաւանաբար քանի մը ժամ պիտի փոխադրուի «Մոնա Լիզա»-ի քով, որպէսզի մասնագէտներ երկու գործերը ուսումնասիրեն կողք կողքի` թանգարանին փակուելէն ետք: Այս ընդօրինակութիւնը կրնայ շատ աւելին ի յայտ բերել բնօրինակին վերաբերեալ, քան ինչ որ արդէն գիտենք: Օրինակ, անոր խորապատկերի բնանկարին մէջ պատկերուած են շարք մը գիւղաքաղաքներ, որոնք այժմ գոյութիւն չունին բնօրինակին մէջ:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES