Արուեստի Աշխարհէն. Կարելի՞ Է Սիրել Արուեստի Կեղծ Գործ Մը

Արուեստի գործեր կեղծող գեղանկարիչ Ճոն Մայաթ կը գծէ «օրինական կեղծեր»` Միրոյի, Մաթիսի, Մոնէի եւ այլոց ոճով:

ԴԱՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐ ՎԷՃ ՄԸ ԿԸ ՄՂՈՒԻ ՈՐՈՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ԿԵ՞ՂԾ Է: ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՅ Է ԷՆՏԻ ՈՒՈՐՀՈԼԻ ՄԷԿ ԳՈՐԾԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒՈՎ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՓԱՅՓԱՅԵԼ ԿԵՂԾ ԵՒ ԶԵՂԾՈՒԱԾ ԳՈՐԾ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ԳՏՆԵԼ` ՊԵՂԵԼՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ:

Ոչ հարազատ ստորագրութիւն մը: Կասկածելի պատկանելիութիւն մը: Կեղծ գործ մը: Աճուրդի վաճառատուներ կը սարսափին այս բառերէն:

Սակայն ճիշդ այս բոլորը պատահեցան վերջերս, երբ գծանկար մը, որ ուրախութեամբ դիմաւորուած էր իբրեւ կանուխ ժամանակներու Էնտի Ուորհոլի մէկ գործը, գեղանկարիչին եղբօր կողմէ մերժուեցաւ իբրեւ կեղծ գործ մը, իսկ անոր իրականութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:

Վան Կոկի կամ Մունքի մէկ գեղանկարը կրնայ վաճառուիլ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի: Բաւարար է կասկածի տակ առնել անոնց պատկանելիութիւնը, եւ անոնց գինը անմիջապէս կը գահավիժի:

Սակայն, եթէ տուեալ գործը օժտուած է որոշ մակարդակի վարպետութեամբ, գոյներով եւ երեւակայութեամբ, ապա այս մէկը բաւարար է խաբելու համար աճուրդի վաճառատան մը մէջ աշխատող մասնագէտ մը, որպէսզի ան մտածէ, թէ արդեօք գեղանկարը որոշ արժէք մը չի՞ ներկայացներ:

Հան վան Միկերէն երբեւիցէ ապրած մեծագոյն կեղծողն է: Այս հոլանտացին նոյնիսկ իբրեւ ինքնուրոյն արուեստագէտ կրնար ճանչցուիլ, սակայն տխրահռչակ դարձած էր կեղծելէ ետք 17-րդ դարու հոլանտացի վարպետներու գործերը, խաբելով արուեստի սիրահար նացիները:

Մինչ անոր սեփական գործերը այնքան ալ չէին հետաքրքրեր քննադատները, Միկերէնի կեղծած գեղանկարներուն վաճառքէն գոյացած գումարը կը հասնէր միլիոնաւոր տոլարի: Ան յաջողած էր խաբել նոյնիսկ Հիթլերի ներկայացուցիչ Հերման Կէօրինկը:

Վան Միկերէն ձերբակալուած էր 1945-ին եւ ամբաստանուած էր Վերմերի մէկ գեղանկարը նացիներուն վաճառելու յանցանքով, որովհետեւ այս գեղանկարիչին գործերը կը դասուէին իբրեւ ազգային հարստութիւն: Մահապատիժը հաւանական վճիռ մըն էր այս յանցանքին համար: Հետեւաբար Միկերէն խոստովանած էր, թէ կեղծած էր գեղանկարը, եւ թէ` կեղծած էր բազմաթիւ այլ գործեր:

Հոլանտայի իշխանութիւնները հաւատք չէին ընծայած անոր: Եւ որպէսզի փաստէր, թէ ան դաւաճան մը չէր, դատական ատեանը պահանջած էր, որ ան գծէր կեղծ գեղանկար մը:

«Կեղծ գեղանկա՞ր մը: Ես աւելի՛ն կրնամ ընել,- պատասխանած էր Միկերէն:- Տուէ՛ք ինծի անհրաժեշտ իրերը, եւ ականատեսներու դիմաց ես կը գծեմ այլ Վերմեր մը»:

Բ. Աշխարհամարտէն առաջ, այն մտավախութեամբ, որ իր գեղանկարչութեան ոճը չէր համապատասխաներ արդի արուեստի նկատմամբ ծաւալած նոր հետաքրքրութեան, վան Միկերէն  իր սեփական ոճով կեղծած էր Վերմեր մը, որ չէր նմաներ «Վերմերի նախապէս ծանօթ որեւէ գործի մը», ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանք Ուայն, հեղինակը` այս կեղծողին կենսագրական գիրքին:

Վերջերս յայտնաբերուած այս «Ուրհոլ»-ը դարձած է գեղանկարիչին եղբօրը մանրազնին քննութեան առարկան:

«Ինչ որ զայրոյթ պատճառած էր Միկերէնի, այն էր, թէ իր կարողութիւնը, որուն շնորհիւ ինք կրնար հռչակաւոր դառնալ աւելի կանուխ ժամանակաշրջանի մը, այլեւս հետաքրքրական չէր ոեւէ մէկուն համար, եւ` այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ աւելի հետաքրքրուած էին յետտպաւորապաշտ ժամանակաշրջանի գեղանկարչութեամբ», կ՛ըսէ ան:

Միկերէնի փորձը յաջողած էր: Անոր «Ընթրիք Էմաւոսի մէջ» գեղանկարը ընդունուած էր իբրեւ Վերմերի նախապէս անծանօթ մէկ գլուխ գործոցը, եւ Հոլանտայի մէջ ամէնէն աւելի այցելուներ ներգրաւած գեղանկարն էր, մինչեւ անոր կեղծ բնոյթին բացայայտումը:

Վան Միկերէն կ՛ուզէր փաստել, թէ գեղանկարի մը վրայ հռչակաւոր ստորագրութիւն մը մեծ ներգործութիւն ունէր անոր գեղեցկութիւնը դատելու մեր մօտեցումին վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ Ուայն:

«Հռչակաւոր արուեստագէտի մը ստորագրութիւնը մեզի կու տայ այն վիպերգական գաղափարը, թէ անոր գեղանկարները սրբազան իրեր են, որոնք կը կրեն հանճարի մը հպումը», կը բացատրէ ան:

Այնուհետեւ Վան Միկերէնի գործերը իրաւամբ գնահատուած են իրենց յատուկ որակին համար:

Միկերէն ներշնչման աղբիւր պիտի դառնար այլ կեղծողներու, որոնք կեղծած էին իր գործերը: Նման գեղանկար մը վերջերս ներկայացուեցաւ «Պի. Պի. Սի.»-ի «Անթիքս ռոտշօ» յայտագիրին մէջ, ուր անոր արժէքը գնահատուեցաւ միայն 200 -300 փաունտով:

Իրաւական ամբաստանութեամբ մը յանցապարտ հռչակուած այլ կեղծող մը` Ճոն Մայաթ գրեթէ նոյն ձեւով ճանաչում գտած է: Ան ձերբակալուած էր 1995-ին` արդի վարպետներու ոճով շուրջ 200 գեղանկարներ զեղծարարութեամբ վաճառելուն պատճառով:

Ան կ՛ըսէ, թէ ինք սկիզբը ճամբայ չէ ելած խաբելու արուեստի հաւաքածոյ պահողները, սակայն, երբ իր կեղծած մէկ գործը աճուրդի մը ընթացքին վաճառուած է 25 հազար սթերլինի, իր մեղսակիցը` Ճոն Տրիւ իրեն տուած է սրճագոյն պահարան մը, որ կը պարունակէր գանձուած գումարին կէսը: Այսպէս սկիզբ առած էր քրէական գործակցութիւն մը:

Մինչ Մայաթ կ՛արտադրէր արդի հռչակաւոր վարպետներու ոճով նոր գործեր, անդին` Տրիւ կը կեղծէր անոնց պատկանելիութիւնը «փաստող» վաւերաթուղթեր` «ապացուցելով» իբր թէ նախապէս տեղի ունեցած վաճառքներ:

Սքոթլընտ Եարտի համաձայն, ասիկա սկիզբն էր «20-րդ դարու արուեստի մեծագոյն զեղծարարութեան»:

Մայաթի «իրական կեղծերը» կը վաճառուին մինչեւ 45 հազար սթերլինի:

Մայաթ դատապարտուած էր դաւադրութեան եւ զեղծարարութեան յանցանքով եւ չորս ամիս ուղարկուած էր Պրիքսթընի բանտը: Այժմ ան օրինաւոր ձեւով կը վաճառէ հռչակաւոր արուեստագէտներու ոճով իր գծած պաստառները, որոնց ետեւ կ՛արձանագրէ «իրական կեղծ մը» բացատրութիւնը: Սակայն ան կը հաւատայ, թէ ապօրինի կերպով իրագործած իր կեղծ պաստառներէն 120-ը տակաւին շրջանառութեան մէջ են:

Վան Միկերէնի նման, Մայաթ պարզապէս չ՛ընդօրինակեր հռչակաւոր գործեր: Անոր գեղանկարները ամբողջութեամբ նոր են, սակայն գծուած են վարպետի մը ոճով: Ան կ՛ըսէ, թէ «կը մագլցի դէպի վարպետներուն միտքը եւ կը թափանցէ անոնց կեանքին մէջ»` փնտռելով անոնց գործերուն ներշնչման աղբիւրը:

Այս տարուան վերջաւորութեան Մայաթ պիտի տայ անհատական ցուցահանդէս մը եւ կ՛ըսէ, թէ մարդիկ յայտնապէս «հմայուած են կեղծ գեղանկարներով»:

«Պահանջը մեծ կրնայ ըլլալ անոնց քով, որոնք նիւթական կարողութիւնը չունին գնելու Վան Կոկ մը, սակայն կը փնտռեն գեղագիտական նմանօրինակ վայելք մը ապրելու միջոց մը` չնչին գումարով», կը բացատրէ ան:

Ձեւական քննադատներ եւ այն «գարշելի գումարները», որոնք ձեռքէ ձեռք կ՛անցնին, պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ օտարում մը ապրին արուեստի աշխարհին մէջ:

«Մարդիկ նաեւ կը սիրեն այն գաղափարը, թէ մասնագէտները սխալական են եւ սխալներ կը գործեն», կ՛աւելցնէ ան:

Վան Միկերէն` «Տը Թայմզ Նիւզփէյփըր»
Թերթին
Էջերուն Ընդմէջէն

Վան Միկերէնի «Ընթրիք` Էմաւոսի մէջ» գեղանկարը` հոլանտական թանգարանի մը մէջ, որ ժամանակին խաբուած էր եւ հաւատացած` այս գործին իրականութեան:

Յունուար 1948. Վան Միկերէն, որ Հոլանտայի ազատագրութենէն ետք ձերբակալուած էր իբրեւ «քաղաքական յանցագործ», յայտարարած էր, թէ իր իբրեւ արուեստագէտի` իր կարողութիւնները չէին գնահատուած, ինչ որ պատճառ դարձած էր պատերազմի ժամանակներու իր գործունէութեան:

Սեպտեմբեր 1950. ան բեղուն գեղանկարիչ մըն էր, եւ փոխանակ հին վարպետներու գործերը վերարտադրելու` կը գծէր անոնց ոճով բնօրինակներ: Նոյնիսկ մասնագէտներ զանոնք կը շփոթէին իրական գործերու հետ:

Յունուար 1957. Միկերէն արդէն կը գործէր իբրեւ անձ մը, որ երկարատեւ եւ տքնաջան ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք` կրնար վերակառուցել Վերմերի գեղանկարչութեան ամբողջ գործընթացը: Ան ոչ միայն կրնար գծել նմանակ մը, այլ նաեւ այն «իրական» Վերմերը` «Քրայս էթ Էմաւոս», որ որոշ ժամանակ մը խաբած էր բոլորը:

Կեղծողները ունին յատուկ գրաւչութիւն մը, որովհետեւ կը նկատուին իբրեւ տիրող կառոյցներուն դէմ ըմբոստացող անձեր, ինչպէս կ՛ըսէ արուեստի գործերու հետքը փնտռող գաղտնի ոստիկան Ֆիլիփ Մոլտ, որ կը ներկայացնէ «Պի. Պի. Սի.»-ի «Ֆէյք օր ֆորչուն» յայտագիրը:

Ան կը հաւատայ, թէ կեղծողները արուեստի աշխարհին մէջ իրենց դրսեցիի դիրքով կը գրաւեն հանրութեան երեւակայութիւնը, այնպէս ինչպէս պատերը խծբծող արուեստագէտ Պանքսին:

Սակայն ան կը շեշտէ, թէ այս տեսակի խաբէութիւնը գարշելի է իրեն համար եւ թէ` կեղծողները «որեւէ գրաւչութենէ զուրկ եւ բախտին ապաւինած անձեր են», որոնք իրենց ընդօրինակած վարպետներուն գործերուն իրական արժէքին միայն մէկ կոտորակը կրնան շահիլ:

«Կեղծելու աշխարհը ստոր է, կաշառքով յատկանշուած է եւ վիպերգական չէ: Անիկա պարզապէս ոճրագործութեան փողփողուն մէկ տարբերակն է», կ՛ըսէ Մոլտ:

Անշուշտ նոյնիսկ մեծ վարպետներու գործերուն իրականութիւնը երբեմն հարցականի տակ առնուած է: Ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Փոլ Կոկեն յայտարարած է, թէ «արուեստը բանագողութիւն է կամ` յեղափոխութիւն»:

Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ թանգարանի ապահովութեան պատասխանատու Վերնոն Ռափլէյ, որ նախապէս կը գլխաւորէր Սքոթլընտ Եարտի արուեստի գործերու եւ հնադարեան իրերու բաժանմունքը, կ՛ըսէ, թէ ոճրային դաւեր նիւթող ուղեղներու նկատմամբ մարդոց հետաքրքրութիւնը արուեստի գործեր կեղծելու ոլորտը գրաւիչ կը դարձնէ լայն հասարակութեան մը համար եւ ոչ միայն` արուեստի սիրահարներու:

Այսուհանդերձ, ան կ՛ըսէ, թէ սխալ է այն կարծիքը, թէ կեղծողները նիւթապէս կ՛օգտուին, երբ իրենց դէմ կը յարուցուին զեղծարարութեան համար սահմանուած քրէական պատիժներ:

Հռչակաւոր Կեղծողներ

Հռչակաւոր կեղծող Ուիլիըմ Մամֆորտի գեղանկարները (ձախին) ներշնչումի աղբիւր դարձած են շարք մը գեղանկարիչներու համար, ինչպէս` հնդիկ արուեստագէտ Ֆրանսիս Իւթըն Սուզայի (աջին):

Հան Վան Միկերէն կը գծէր Վերմերի ոճով (զեղծուած գործ` ձախին, Վերմերի գործը` աջին): Կ՛ենթադրուի, թէ ան գնորդները խաբած է` այսօրուան գումարով 65 միլիոն սթերլինի գործեր վաճառելով:

Թոմ Քիթինկ իր սեփական աճուրդի յաջողութիւնը արձանագրած էր աճուրդի Քրիսթիզ վաճառատան մէջ եւ պատկերասփիւռէն կը ներկայացնէր արուեստի յայտագիր մը:

Էրիք Հեպպըրն հրատարակած է արուեստի գործեր կեղծելու ուղեցոյց մը, եւ վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանուած է անոր կեանքին մասին:

Կիրթ Եան Ենսեն կը յայտարարէ, թէ իր զեղծած գործերուն պատճառով բացայայտած է արուեստի աշխարհին ագահութիւնն ու կեղծաւորութիւնը:

Ուիլիըմ Մամֆորտ երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ մարտին, որովհետեւ շուրջ 1000 գեղանկարներ ստեղծած էր` ընդօրինակելով Ֆրանսիս Նիւթընի, Մուզա Մաքպուլի, Ֆիտա Հիւսէյնի, Քայֆին Ուիլիըմզի, Ճոն Թանըրտի եւ Սապանանտ Պաքրի գործերը:

«Գոյութիւն ունին արուեստի հազարաւոր ուսանողներ, որոնք կրնան գծել կեղծողներուն պէս: Շատ վանողական է այն գաղափարը, թէ կեղծողները կրնան օգտուիլ իրենց տխրահռչակ յանցանքէն», կ՛ըսէ ան:

Մայաթ կը հաւատայ, թէ իր ժողովրդականութիւնը հաւանաբար ուղղակի մէկ արդիւնքն է իր գործած ոճրային յանցանքներուն: Ան կը պատմէ, թէ` երբ բանտէն դուրս եկած է, այլեւս որեւէ հետաքրքրութիւն չունէր գեղանկարչութեան նկատմամբ, սակայն այժմ կ՛ընդունի, թէ` «լաւ բան մը կրնայ ծնիլ վատ բանէ մը»:

Մոլտ կը բացատրէ, թէ ոմանց համաձայն, պարզապէս արուեստի զեղծուած գործի մը ետին գտնուող պատմութիւնը գրաւիչ կը դարձնէ զայն: Անիկա պատմութիւնն է մարդու մը, որ ճարպիկ ձեւով կը խաբէ հեղինակութիւնները: Սակայն Մայաթ կ՛ընդունի, թէ այս ոճիրը կը խլէ նաեւ իր զոհերը:

«Եթէ օր մը դարձեալ տեսնեմ իմ գեղանկարներէս մէկը, պարզապէս ես ինծի պիտի խնդամ եւ ոչինչ պիտի ըսեմ: Ի՞նչ իմաստ ունի: Զայն վաճառողը մեծ գումարներ պիտի կորսնցնէ, եթէ բացայայտեմ, թէ տուեալ գործը կեղծ է. իսկ նման բացայայտում մը անբարոյութիւն պիտի ըլլար», կ՛ըսէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES