Մենք Ապրած Ենք «Սատանաներու Կայսրութեան Մէջ»

ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ
«Հիւրրիյէթ»

Հակառակ արդարադատութեան կիրարկումին դէմ ուղղուած բողոքներուն եւ քննադատութիւններուն` Էրկենեքոնի դատավարութիւնը այս երկրին տգեղ դէմքը բացայայտեց: (Էրկենեքոնի հարցը ենթադրեալ ստուերային ծայրայեղ ազգայնամոլական խումբն է, որ մեղադրուած է հասարակութեան մէջ քաոսի եւ ցնցումի միջոցով յեղաշրջում իրականացնելու, կառավարութիւնը տապալելու ծրագիր պատրաստելու յանցանքին համար): Եթէ նոյնիսկ ատոր մէկ հատուածը չափազանցուած է եւ զարդարուած` անբաւարար ապացոյցներով, տեղի ունեցածը չի՞ վախցներ, չ՛ամչցնե՞ր ձեզ:

Սկսեալ Ապտի Իփեքճիէն` մենք ականատես եղանք լրագրողներու ջարդին, ներառեալ` Ուղուր Մումճուն եւ ուրիշներ, հայր Անտրէա Սանթորոյի ոճիրը, արիւնալի յարձակումը Պետական խորհուրդին վրայ, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, Զիրվէ հրատարակչատան մէջ միսիոնարներու կոտորածը, ինչպէս նաեւ` Սապանճիի սպանութիւնը:

Կայ աւելին. Կազի Մահալլեսիի միջադէպերը, Մատիմաքի աղէտը: Ասոնց մեծ մասին յանցագործները չեն գտնուած: Պետութիւնը, երբ ուզած է ատիկա ընել, գտած է յանցագործները, բայց այս միջադէպերուն առնչութեամբ լուռ մնացած է:

Գնդակը միշտ նետուած է «արտաքին ուժեր» անուանուած դաշտը:

Ատիկա երբեմն Իրանն էր, եթէ ոչ արգիլեալ` Քիւրտ ժողովուրդին կուսակցութիւնը կամ, եթէ անոնք չէին, ապա Մոսատը… Թէեւ այս օրերուն այս հին ընկալումը, հասկացողութիւնը պիտի փոխուի:

Երբ մէկը կը կարդայ դատական վճիռին մանրամասնութիւնները, ակնյայտ չէ՞, որ այս մեքենայութիւնները «արտաքին ուժերու դաւադրութիւնը» չեն, այլ, ընդհակառակը, «ներքին ուժերու գործը»:

Դարձեալ, չափազանցուած եւ անբաւարար ապացոյցներ եւ սխալներ եղած ըլլալով հանդերձ, հարցականները չե՞ն աւելնար, երբ կը մտնէք Էրկենեքոն-Պալիոզ (լախտի հարուած) եւ «Յեղաշրջման լրագրութեան» դատավարութիւններու մանրամասնութիւններուն մէջ:

Արդեօ՞ք արտաքին ուժերը գործած են չլուծուած սպանութիւնները:

Ո՛չ: Ատոնք ակնյայտօրէն արտաքին ուժերու գործն են: Բազմաթիւ բաներ պատահած են վարագոյրներու ետին: Չեմ գիտեր, թէ ատիկա ուրուային պետութի՞ւնն է, թէ՞ ոչ արհեստավարժ, կամ արհեստավարժ մարդասպանները: Բայց ատիկա անհաւատալի անհաւանական դաւ մըն է… Անհաւատալի պայքար` իշխանութեան համար…

Անհաւանական ոճրագործութեան թոյլ ցանց մը… Հարցաքննութեանց ատեն հետաքննութեան, դատական եւ հեռաձայնային ձայնագրութիւններու եւ յարաբերութիւններու բացայայտումին միայն 10 առ հարիւրը ճշմարիտ է, նոյնիսկ այդքանն ալ բաւական է:

Թուրքիա վերածուած է երկրի մը, ուր կը տիրեն մեքենայականութիւնները եւ դաւերը, իսկ կը թուի, թէ մենք տեղեակ չենք ատկէ:

Հաճիք, բնաւ մի՛ ըսէք` «Ես գաղափար չունէի»: Ես վստահ եմ, որ ամէն ոք ատկէ մաս մը գիտէ, բայց միայն քիչերն են, որոնք կը տեսնեն ամբողջ պատկերը: Պատկերը այժմ ամբողջացած է, եւ սարսափը կ՛աճի, կը սաստկանայ:

Ես շատոնց վստահութիւնս կորսնցուցած եմ այս պետութեան ոստիկանական-դատախազական հետաքննութեան, մասնագէտներուն եւ արդարադատութեան հանդէպ:

Թուրքիա փաստօրէն եղած է սարսափի կայսրութիւն մը: Ան շրջապատուած է ոճրագործութեան ցանցերով, եւ մենք կրցած ենք գոյատեւել, լա՜ւ, զուտ զուգադիպութեամբ, պատահականօրէն:

Այս պատկերը, որ ի յայտ եկած է, ես կը կրկնեմ. «Որքան ալ ատիկա չափազանցուած եւ անփոյթ, թափթփած ըլլայ», դարձեալ ահաւոր է:

Ո՛ր տեսակէտէն որ նախընտրէք (պահպանելով աշխարհիկութիւնը կամ քեմալականութիւնը, ի սէր հայրենիքի եւ այլն), ի՛նչ անուն ալ որ մենք ուզենք ատոր տալ (ուրուային պետութիւն եւ այլն), մեր անցեալը այժմ, աւելի քան երբեք, կը սարսափեցնէ զիս:

Այնպէս կը թուի, թէ արտաքին դաւադրութիւններու տեսութիւններով մենք մեզ կը խաբենք: Աւելի՛ն. մենք ընտելացած, վարժուած ենք ոճիրներու եւ սպանութիւններու:

Ուրեմն ասիկա վերջաւորութի՞ւնն է:

Կամ արդեօք դեւերը, սատանաները իրենց ապաստանած քարայրներէն վաղը դուրս պիտի գա՞ն:

 

Share this Article
CATEGORIES