Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարար Շահին Այս Անգամ Իսկապէ՛ս Սայթաքեցաւ

ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ
«Հիւրրիյէթ»

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Շահին խօսելու իւրայատուկ ոճ մը ունի: Ան շատ ազնիւ, նուրբ անհատականութիւն մը ունի, բայց երբ ան կը սկսի բացատրութիւններ տալ, ամէն անգամ ան երկիմաստ բառեր կ՛արտաբերէ, կ՛արտասանէ: Այդ բառերը կրնան տարբեր ձեւով մեկնաբանուիլ:

«Քրտական հարցին» մէջ իր տրամաբանութիւնը եւս շատ տարբեր է, հաւանաբար` շրջանին մասին իր համապարփակ, ընդարձակ գիտելիքներուն շնորհիւ:

Նախարար Իտրիս Շահին խօսեցաւ այն մասին, որ պէտք չէ թերագնահատել այն փաստը, որ Ուլուտերի միջադէպին ընթացքին մահացածները իրականութեան մէջ մաքսանենգներ են, թէ անոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքերը, երբ կը փորձէին Թուրքիա ապրանք մաքսանենգել, թէ` ահաբեկչական կազմակերպութիւնն էր, որ կը հաւաքէր մաքսանենգութենէն գոյացած դրամը, եւ թէ` արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) այս մարդիկը կ՛օգտագործէր, կարծես թէ անոնք ջրաղացը դարձնող ձիեր ըլլային:

Նախարար Շահին նաեւ ըսաւ, որ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը (ԽԺԿ) եւս մաս կազմած է այս միջադէպին, թէ` ԽԺԿ-ն պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի «դագաղները զզուելի կտորներով ծածկելուն համար», եւ թէ այս միջադէպին բնոյթը ներում հայցել չի պահանջեր, թէ` այս ճամբաներով, արահետներով մաքսանենգուած զէնքերը մեր զինուորները կը սպաննէին, եւ թէ` այս երիտասարդները, պատանիները պէտք չէ հոն եղած ըլլային:

Երբ ես այս խօսքը կարդացի, փշաքաղուեցայ: Ո՛ր անկիւնէն ալ դիտես ատիկա, կը փշրուի: Ի՞նչ տեսակ մտայնութիւն է ասիկա. ի՞նչ տեսակ մօտեցում է ասիկա: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: «Անոնք մեռան եւ ձեւով մը փրկուեցա՞ն մահապատիժի ենթարկուելէ»:

Այս տեսակ մտայնութեամբ, մենք բնաւ պիտի չյաջողինք լուծել «քրտական հարցը», ոչ ալ մենք պիտի յաջողինք ժողովրդավարական չափանիշներով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ:

Շատ մեծ դժբախտութիւն մըն է, որ Իտրիս Շահին ներքին գործոց նախարարի աթոռին վրայ նստած է:

Շահին Ինքն Իր Սեփական
Ծուղակին
Մէջ Կ՛իյնայ, Երբ Կը Խօսի

Նոյն ճառին մէջ Շահին նաեւ լրատու միջոցներու բաժին մը ունեցաւ, եւ այդ ալ լեցուն էր սայթաքումներով:

Նախարարը ըսաւ, թէ ատոնք բոլորը դաւադրութիւններ են, որ իր խօսքերուն ընկերացած են` քննադատութիւններ եւ հեգնանք, ծաղր ու ծանակ:

Աւելի՛ն. ան ըսաւ, որ որոշ լրագրողներ քով-քովի կու գան եւ այս հարցին վերաբերեալ որոշում կու տան: Այլ խօսքով, մեր պաշտօնակիցներէն ոմանք Շահինը ընտրած են իբրեւ ամէնէն տկար օղակը կառավարութեան մէջ, միասին կը գործեն եւ տուած են հետեւեալ որոշումը. «Եկէ՛ք խածնենք այս նախարարը»:

Ես դաւադրութեան բազմաթիւ տեսութիւններ լսած եմ, բայց ես երբեք այսպիսի բան չեմ լսած:

Մեր սիրելի նախարարը կը սխալի: Ան չափազանց շատ արժէք, վարկ կու տայ լրագրողներուն, որոնք ոչ մէկ թեմայի առնչութեամբ կարողութիւնը ունին, ատակ են միասնաբար գործելու: Աւելի՛ն. կարիքը չկայ Շահինի դէմ դաւադրութիւն մը ծրագրելու: Եթէ ինք կրնայ առարկայական աչքով վերստին նայիլ, թէ ինք ի՛նչ ըսած է, ապա ինք կրնայ աւելի արագ հասկնալ, որ ես ինչ կ՛ըսեմ:

Իսկապէս ան կ՛իյնայ իր սեփական ծուղակին մէջ:

ԱԲԿ Կուսակցութիւնը Նաեւ
Լրջօրէն
Զայրացած Է

Ներքին գործոց նախարարը չափազանց շնորհակալ պէտք է ըլլայ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին. Շահին վարչապետին ամբողջական աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը կը վայելէ: Էրտողան չ՛արտօներ, որ ոեւէ մէկը ժխտական խօսի Շահինի մասին: Թէեւ այս անգամ կացութիւնը քիչ մը տարբեր է:

Ես զրուցեցի կառավարութեան անդամ կարգ մը նախարարներու հետ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինծի ըսաւ, թէ որքան ցաւալի էր այդ խօսքը:

Ինչ որ կը զայրացնէ կառավարական շրջանակները, այն է, որ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Շահին իբրեւ թիրախ մը մատնացոյց ըրած է Թուրքիոյ օդուժը: Այն պահուն, երբ վարչապետ Էրտողան կը փորձէ թրքական զինեալ ուժերուն հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, ներքին գործոց նախարարին կեդրոնական շրջանակի մէջ յայտնուիլը յօնքերը կը բարձրացնէ:

Ես կը կարծեմ, թէ Շահին այս անգամ շատ հեռու գացած է, չափազանցած է: Մենք մօտիկ ապագային, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ պիտի տեսնենք, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) մէջ առկայ խանգարումը որքանով պիտի ազդէ վարչապետին:

Ես միայն կրնամ ըսել, որ ներքին գործոց նախարարը, իր այս դիրքորոշումով, ի՛նչ որ ալ նուաճէ, նոյնիսկ եթէ լրատու միջոցներէն թաքնուի դաւադրութեան տեսութիւններուն ետին, պիտի չկրնայ ինքզինք ազատել քննադատութենէ:

Քիւրտ Խաղաղ Բնակիչներ Թուրքիոյ
Օդուժի Հարուածներուն Զոհ Դարձան

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը «Էֆ-16» ռազմական օդանաւերով 29 դեկտեմբեր 2011-ին հարուածած էին Իրաքի սահմանին գտնուող Շիռնաք Ուլուտերէ շրջանի քրտական գիւղը, որուն պատճառով սպաննուած է 34 մարդ:

Զոհերը զբաղած են մաքսանենգութեամբ, եւ թրքական իշխանութիւնները կ՛ըսեն, թէ զանոնք սխալմամբ ահաբեկիչներ կարծած են:

Թրքական լրատուամիջոցներու վարկածին համաձայն, հիւսիսային Իրաքի սահմանէն ահաբեկիչներ կարծուող այս խումբին Թուրքիա մտնելը նկատուած է սահմանապահներուն կողմէ եւ կրակ բացուած է անոնց վրայ: Ապա «Էֆ-16» ռազմական օդանաւերով ռմբակոծուած է շրջանը: Շիռնաք Ուլուտերէի գիւղապետին հաւաստիացմամբ, մաքսանենգութիւն ընող գիւղացիները բեռնակիր անասուններով Իրաքէն մազութ կը փախցնէին դէպի Թուրքիա:

 

Share this Article
CATEGORIES