Վտանգաւոր Մարդիկ` Իշխանաւոր Թուրքերը

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՔԻՒԼ
«Հիւրրիյէթ»

Այս սիւնակին հետեւողները թերեւս քաջատեղեակ են, որ ես մեծ հետեւորդ, համակիր մը չեմ եղած քեմալականութեան: Այս 80-ամեայ պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը եւ ատոր հետեւորդները` քեմալականները, հասարակութեան մնացեալին հանդէպ բաւական բռնատիրական եղած են: Անոնք բնութագրած, սահմանած են «տիպար քաղաքացին» եւ բոլորին պարտադրած են այս նեղ չափանիշներուն պատշաճիլ, համապատասխան ըլլալ: Անոնք արգիլած են քրտերէնը, իսլամական լաչակը եւ քրիստոնէական հաստատութիւնները: Անոնք նախաձեռնած են ռազմական յեղաշրջումներ, արգիլած են քաղաքական կուսակցութիւններ, եւ նոյնիսկ քանի մը անմեղ մարդիկ մահապատիժի ենթարկած են: Անոնք վտանգաւոր ամբոխ մը եղած են:

Սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ ժամանակի թաւալումին հետ, երբ թրքական ընտրանիի նոր շերտեր ձեռք կը ձգեն եւ կը վայելեն իշխանութիւնը, ես անհրաժեշտ կը զգամ մշակելու իմ տեսակէտս: Խնդիրը քեմալականութենէն աւելի մեծ է: Անշուշտ այս գաղափարախօսութիւնը իր յատուկ պատճառները ունի ամբողջատիրական, բռնատիրական ըլլալու համար, ինչպէս` անձի պաշտամունքը եւ բացարձակ ճշմարտութեան իր միամիտ պնդումները: Բայց ատիկա նաեւ արտացոլում մըն է բռնատիրական քաղաքական մշակոյթի, որ թափանցած, համարկուած է Թուրքիոյ հասարակութեան:

Ասիկա սկսած է դառնալ աւելի եւ աւելի ակնյայտ, երբ Թուրքիոյ նոր ընտրանին կ՛ապացուցէ, որ հին ընտրանիին կարգ մը վատ սովորութիւններուն բաժանորդագրուած է:

Երկու ճամբարներն ալ, օրինակ, կը հաւատան իտէալական «միասնականութեան», որ բազմակարծութեան համար քիչ տեղ կը ձգէ:

Քեմալականներուն համար միասնականութիւնը պէտք է նուաճուի «Հանրապետական արժէքներու» հիմամբ, որոնք թելադրուած են Աթաթիւրքին կողմէ:

Միւս կողմէ, նոր ընտրանին կը հաւատայ «ազգային արժէքներու», որոնք բնութագրուած, սահմանուած են օսմանեան անցեալով: (Եւ թէեւ ես կը նախընտրեմ օսմանեան արժէքները` Աթաթիւրքի արժէքներուն, սակայն ես դէմ պիտի  ըլլամ պետութեան կողմէ ատոնց պարտադրումին):

Նմանապէս, ե՛ւ հին, ե՛ւ նոր ընտրանիները հակուած են աշխարհին` Թուրքիոյ հետ վերաբերումը մեկնաբանելու դաւադրական տեսութիւններով:

Թուրքիոյ մէջ ամէն խնդիրի ետին քեմալականները սովորութիւն ունէին տեսնելու «ներքին թշնամիներու» ձեռքը, մինչ նոր ընտրանին պատրաստ է բացայայտելու «ուրուային պետութիւնը» ամէն քարի տակ: Եւ երկու կողմերն ալ կը հաւատան արտաքին բազմաթիւ դաւադրութիւններու:

Երբ խօսքը կը վերաբերի կառավարման ձեւին, նոր եւ հին ընտրանիները նման խնդիրներով  փտած են, ինչպէս` խնամիական դասաւորումներ:

Քեմալականները կառուցած են պետութիւնը հիմնականին մէջ իբրեւ մեքենայ մը, որ պիտի ղեկավարուի իրենց կողմէ եւ օգուտներ պիտի ստեղծէ իրենց սեփական դասակարգին, խաւին համար:

Սակայն, երբ նոր ընտրանին կը ստանձնէ համակարգը, կը փաստէ, որ ինք հակում ունի, միտում ունի ատիկա գլխիվայր շրջելու` քեմալականները վերածելով նոր վտարանդիներու, աքսորեալներու, եւ իրենք զիրենք` նոր մենաշնորհեալներու, արտօնեալներու:

Հիմա ասոնցմէ ոչ մէկը կը նշանակէ, թէ` «Թուրքիոյ մէջ ոչինչ փոխուած է», ինչպէս որոշ բացարձակ, ծայրայեղ յոռետեսներ կը պնդեն: Ընդհակառակը, անցեալ տասնամեակին հին եւ նոր ընտրանիներու միջեւ բախումները սանձազերծեցին յառաջդիմական ներուժ մը, որուն շնորհիւ ազատական կարեւոր բարեփոխումներ կատարուեցան:

Նոր ընտրանին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) դրօշին ներքեւ, ստիպուած էր ընտելացնել մեր Լեւիաթանը (այսինքն` թրքական պետութիւնը) եւ, հետեւաբար, կառուցային բարեփոխումներ տեղի ունեցան: Շատոնց մեկնած են այն օրերը, երբ Թուրքիա տանջանքներու, առանց դատավարութիւններու սպանութեանց եւ անբնակ գիւղերու երկիր էր:

Թէեւ Թուրքիա ոչ ալ ազատական ժողովրդավարութեան դրախտ մը դարձած է, ինչպէս որ բացարձակ, ծայրայեղ լաւատեսները կը հաւատան, քանի որ բռնատիրական մտածելակերպը, որ աւելի հին խնդիրներ ստեղծած է, տակաւին կենդանի է, կ՛ապրի եւ նոր խնդիրներ կը ստեղծէ:

Իբրեւ ազգ` մենք ի վերջոյ անպայման պէտք է անդրադառնանք, որ մեր խնդիրները, հարցերը վերջ պիտի չգտնեն, երբ «նոր թուրքերը» իշխանութեան գան եւ այդ իշխանութիւնը չարաչար, առանց սահմանափակումներու օգտագործեն:

Երբ մենք այդ միամիտ հաւատքը ունենանք, թուրքերու որեւէ խումբ, որ իշխանութեան գայ, անխուսափելիօրէն վտանգաւոր պիտի ըլլայ, պարզապէս` երկաթեայ օրէնքով, որուն գիւտարարն է ազատական մտածող Լորտ Աքթոն:

«Իշխանութիւնը հակուած է փտածութիւն պատճառելու, եւ բացարձակ իշխանութիւնը բացարձակ փտածութիւն կը պատճառէ»:

Մենք իսկապէս պէտք է զսպենք իշխանութիւնը, ուժը` ազատական սկզբունքներով, եւ ատիկա ապակեդրոնացնենք ժողովրդավարական մեքանիզմներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES