Պատմական Անմոռանալի Օր` «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ
«Թռչնոց բոյն»-ը ապրեցաւ իր անմոռանալի օրերէն մին, երբ կիրակի, 27 մայիս 2012-ին, իր Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպութեամբ եւ հաստատութեան տնօրէնութեան քաջալերանքով, նշեց Մայրերու օրը:
Այս առիթով հրաւիրուեցան «Թռչնոց բոյն»-ի հին եւ նոր մեծ ընտանիքը` բաղկացած նախկին եւ ներկայ տնօրէնութենէն, պաշտօնէութենէն, ուսուցչակազմէն, աշակերտութենէն, բարեկամներէն եւ հարազատներէն:
Այս մեծ խումբին իրարու հետ հանդիպումը եղաւ խիստ յուզիչ եւ տպաւորիչ: Տարիներէ ի վեր իրարու հետ կապը կորսնցուցած անձեր կ՛ողջագուրուէին, իրենց պարագաները իրարու կը ներկայացնէին, իսկ ոմանք ուրախութենէ կու լային:
Օրը սկսաւ ժամը 10:00-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագով, «Թռչնոց բոյն»-ի Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Պատարագիչն էր Արսէն քհնյ. Գասապեան` հին աշակերտ «Թռչնոց բոյն»-ի: Պատարագին յաջորդեց մարզական մրցաշարք մը:
Կէսօրուան ճոխ եւ առատ ճաշը հրամցուեցաւ դպրոցին սեղանատան մէջ, Շրջանաւարտից միութեան կողմէ: Սեղաններու օրհնութենէն ետք իր բարի գալստեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն, մօտաւորապէս երկու հարիւր հոգի, «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան` շեշտելով այն աշխատանքը, որ տարուած է, մօտաւորապէս երեք տարիներէ ի վեր, հին աշակերտները միացնելու. յաջորդեց յուշանուէրներու բաշխում, նախկին եւ ներկայ մայրիկներու եւ ուսուցիչներու` իբրեւ գնահատանք իրենց տքնաջան ծառայութեան, երկար տարիներու ընթացքին, ծափահարութիւններու տարափի մը տակ:
Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Ներկաները պաստառին վրայ հետաքրքրութեամբ դիտեցին իրենց մանկութիւնը կամ երիտասարդութիւնը ներկայացնող նկարները` վերյիշելով այն քաղցր օրերը, որ անցուցին «Թռչնոց բոյն»-ի հիւրընկալ յարկին տակ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ մարզական բաժակներու եւ շքանշաններու բաշխում` յաղթական խումբերուն եւ սաներուն:
Այս խանդավառ մթնոլորտէն ետք իր փակման խօսքը արտասանեց Արսէն քհնյ. Գասապեան` յաջողութիւն մաղթելով բոլոր ներկաներուն, մանաւանդ` «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնութեան եւ Շրջանաւարտից միութեան, շնորհաւորելով բոլոր մայրերը իրենց տօնին առիթով:
Ժիպէյլ, 27 մայիս 2012

