Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ` ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 22 մայիսին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհաւորեց Մայրերու տօնը` մաղթելով բոլորին երջանիկ եւ բարեբեր տարի մը, որմէ ետք հրաւիրեց օրուան բանախօս Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեանը` փոխանցելու իր խօսքը:
Գ. Էթիեմեզեան նկատել տուաւ, որ 21-րդ դարու հայ մայրը կը տարբերի զինք կանխողներէն` իր կենցաղով եւ աշխարհահայեացքով, աւելցնելով, որ այն բանաստեղծութիւնները, որոնք նուիրուած են անցեալ դարու հայ մայրերուն, կը պահեն իրենց յուզականութիւնը, սակայն հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց հարազատութիւնը, որովհետեւ արդի հայ կնոջ էական համարուող հրամայականները մեծապէս կ՛առնչուին նիւթական աշխարհին: Ան ցաւով յայտնեց, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը իբրեւ ժառանգորդներ` կարելի չէ հաշտուիլ համալսարանաւարտներու թիւի նուազումին եւ հայկական դպրոց չյաճախելու երեւոյթին հետ:
«Մեր յոյսն է մայրը, մեր լոյսն է ան: Հետեւաբար Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը անպայման պիտի նպաստէ զիրենք մեծարելու, ինչպէս նաեւ` յիշեցնելու, որ ազգային երազները կ՛իրագործուին մայրերու ներշնչումով», եզրափակեց Գ. Էթիեմեզեան:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

