ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ 12 մայիս 2012-ին, «Եռագոյն» սրահին մէջ:

Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեան եւ Մարալ Հարպոյեան, կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Զարուհի Գալեմքերեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Պոյաճեան, թաղականութենէն,  տիկնանց յանձնախումբէն եւ դպրաց դասէն ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, լիբանանահայ հայասէր բեմադրիչ` Քլոտիա Մարշալեան, «Խանիթօ» պարարուեստի կեդրոնի սեփականատէր Խաչիկ Թորգոմեան, նոյնինքն Խանիթոն եւ իր ընտանիքը, լիբանանցի դերասանուհի Սուհա Քիքանօ եւ օրուան նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Բարսեղ եւ Սեդա Մարզումանեաններ:

Օրուան յայտագիրը վարեց «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Մարալ Հարպոյեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհին` փոխանցելու իր խօսքը:

Շաքէ Պաղտասարեան նախ ողջունեց ներկաները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած ընտանիքին, որ բարձր գնահատելով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը` սիրայօժար կերպով ստանձնած էր այս պարտականութիւնը` մասնաճիւղին նուիրելով 2000 տոլար, ինչպէս նաեւ` տրամադրելով մուտքին բաժնուած նուէրները, կարկանդակը եւ նկարահանումը: Ապա մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին անխտիր, որոնք օգտակար դարձան այս ձեռնարկին յաջողութեան: Իր խօսքին մէջ ընկերուհին ըսաւ. «Մասնաճիւղին 75-ամեակի առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին ընթացքին յատկապէս յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին դիմաց ԼՕԽ-ի «Հայաշէն»-ի մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ խաչուհիներուն յիշատակին առջեւ, որոնց աշխատանքի կորովը մեզ մղեց ծառայութեան ասպարէզ. յարգանք` անոնց անջնջելի յիշատակին:

«Տասնամեակներէ ի վեր ԼՕԽ-ական ընկերուհիները կը գործեն մեծ անձնուիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Մասնաճիւղը օրէ օր կը զօրանայ հոգիով, կը հպարտանայ իր գործունէութեամբ, կը հարստանայ անդամուհիներով, գոհունակութիւն կը զգայ ծառայելով եւ օգտակար դառնալով` ծերին, հիւանդին ու աղքատին:

«Տարիներու ընթացքին մեզ հալածող պատերազմները, դժուարութիւնները կարծէք աւելի զօրացուցին հայ կնոջ, այս պարագային ԼՕԽ-ական կնոջ պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը, դարձանք ինքնավստահ ու աւելի կազմակերպուած, եւ որովհետեւ ԼՕԽ-ը կը նկատենք մեր երկրորդ ընտանիքը, մեր ծառայութիւնը միշտ կ՛ընթանայ հեզասահ եւ արդիւնաւէտ ձեւով. մենք ունինք ազգային արժանիքներ, նուիրումի հասկացողութիւն, «առանց փոխարէնը վարձատրութիւն ակնկալելու» կարգախօս մը, զոր միշտ կը կրկնենք եւ տակաւին շատ պիտի կրկնենք…», եզրափակեց Շ. Պաղտասարեան:

Ապա  հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանը, որ իր կարգին դրուատեց կատարուած աշխատանքը, անսակարկ նուիրումը` ԼՕԽ-ականներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր որեւէ ձեւով վառ պահելու ԼՕԽ-ի անունը` միշտ հետեւելով իրենց տրուած ուղղութիւններուն: Կարկանդակի հատման արարողութենէն ետք տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:

Գեղարուեստական ճոխ բաժինով ելոյթ ունեցան գաղութին սիրուած երգիչներ` Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Սարօ Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագախումբին, որոնք հայկական թէ օտար երգերով աւելի եւս փայլք տուին  եւ ճոխացուցին սոյն ձեռնարկը:

Share this Article
CATEGORIES