Եւրոպայի 2013-ի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Անտորրա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Վաճառուիլ
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու ազգային հաւաքականը յառաջիկայ 12 յունիսին Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի Անտորրայի դէմ (Գ. խմբակ):
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին տոմսակները արդէն իսկ սկսած են վաճառուիլ 2000 եւ 3000 դրամի:
Հայրենի կազմը այժմ 8 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: Անոր խմբակին մէջ են նաեւ Չեխիա, Մոնթենեկրօ եւ Կալես:
Յաջորդ հանգրուանի` փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն տասը խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւողները եւ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած չորս խումբեր:
CATEGORIES Մարզական

