ԼՕԽ-Ի «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանի Հիմնարկէք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ու յանձնախումբերու անդամներուն եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, կիրակի, 3 յունիսին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի հիմնարկէքը: Այսպիսով, ԼՕԽ-ը պիտի ունենայ մնայուն եւ յարմար կեդրոն մը` իր բազմաճիւղ գործունէութեան մաս կազմող կազդուրման կայան կազմակերպելու մեծ թիւով պատանիներու համար:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճար մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ զոյգ քայլերգներու նուագով: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Մարօ Սալխանեան, որ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ ծաւալած կամաւոր ու բազմաբեւեռ գործունէութեան շրջագիծին անդրադառնալէ ետք հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը կը շարունակէ մնալ այժմէական, ընդգրկելով աշխատանքի նոր դաշտեր` կրթական, դաստիարակչական, առողջական եւ ընկերային: Ան յատուկ կերպով յիշեց 1930-էն ի վեր կայացող կազդուրման կայանի ծրագիրը, որուն ընդմէջէն ԼՕԽ-ը յանձնառութեամբ հոգացած է մարդկային, սննդական, առողջապահական խնամքէ զուրկ ընտանիքներու զաւակներուն պէտքերը:

Մ. Սալխանեան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի տարիներու երազն էր ունենալ սեփական կազդուրման կայան մը, ուր կարելի է իրականացնել աշխատանքները: «Սոյն ծրագիրը իրականացնելու համար Գլպաշեան ընտանիք նուիրատուութեամբ մը նեցուկ կանգնեցաւ ԼՕԽ-ին, որուն տրամադրութեան տակ դրուեցաւ հողաշերտ մը` վրան կառուցելու համար ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան կազդուրման կայանը: Ուստի շնորհիւ ԼՕԽ-ի բարերար ընտանիքին` Գլպաշեաններուն, սոյն հողաշերտին վրայ պիտի կառուցուի ապագայ կազդուրման կայանը, ուր ծրագիրը պիտի շարունակուի եւ հայ պատանիներ պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, գիտակցութիւն եւ կրթութիւն», հաստատեց ան:

Իր խօսքի աւարտին Մ. Սալխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, որոնց կատարած ներդրումին բարիքները պիտի վայելեն հայ պատանիներն ու ապագայի հայ անհատները:

Ընկերային յանձնախումբին խօսքը արտասանեց Մարօ Թազեան, որ դիտել տուաւ, թէ ԼՕԽ-ին համար հայ լեզուն, մշակոյթը, հայկական արժէքներն ու աւանդութիւնը, ազգային նկարագիրը միշտ գերադաս նկատուած են, եւ միութիւնը միշտ ալ հետամուտ եղած է անոնց պահպանման եւ նոր սերունդներու փոխանցման ի խնդիր գործունէութիւն ծաւալելու:

Անոր համաձայն, նոր կառոյցներուն հիմնարկէքները առիթներ են կատարուածին վրայ ակնարկ մը նետելու եւ յաղթանակներով պարծենալու կողքին անոնցմէ դասեր քաղելով առաջնորդուելու դէպի ապագայ:

«Միասին զգալ, միասին մտածել, միասին գործել, միասին յառաջ ընթանալ հայուհիի վճռակամութեամբ եւ ԼՕԽ-ականի զօրութեամբ: Եկէք միասնաբար ընթանանք դէպի հաւատքի, սիրոյ եւ միասնականութեան պայծառ ուղիին հորիզոնները, առաջնորդուինք հայակերտ ու մարդակերտ այս արժէքներով, որոնք մեր նահատակներէն ու հիմնադիրներէն մեզի փոխանցուած այն եզակի ժառանգն ու կտակն են, որոնք պիտի լուսաւորեն մեր ներկայ ու գալիքի ճամբան», դիտել տուաւ Մ. Թազեան:

Այս առիթով ան շնորհաւորեց ԼՕԽ-ականները` հաստատելով, որ ԼՕԽ-ը ուժեղ է իր նուիրեալներով եւ բարերարներով: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային անգամ մը եւս հաւաքուին տուեալ վայրին մէջ` բացումը կատարելու նորակառոյց կազդուրման կայանի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» շէնքին:

Ապա նուիրատուներուն կողմէ խօսք առաւ Թալին Գլպաշեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս ծրագիրով երկար տարիներու երազ մը իրականութիւն կը դառնայ: «Կազդուրման կայանի այս ծրագիրով մենք մեր ծնողներուն` Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեաններուն փափաքն է, որ կ՛իրականացնենք մեր համեստ մասնակցութիւնը բերելով հայ պատանիին համար օդափոխութեան եւ ժամանցի յարմար վայր մը ստեղծելով Այնճար հայաւանին մէջ, ուր ան պիտի կազդուրուի եւ նոր գիտելիքներ սորվի ու թարմացած մտքով եւ եռանդով իր երթը շարունակէ: Մեր փափաքն է նաեւ, որ այս կեդրոնը դառնայ սփիւռքի հայապահպանման օժանդակող վայր, ուր Լիբանանի հայութեան կողքին աշխարհի զանազան գաղութներէն երիտասարդներ հաւաքուին ու հայկական միջավայրի լաւ յիշատակներով վերադառնան իրենց ապրած երկիրները եւ իրենց ապրումները փոխանցեն իրենց միջավայրին», հաստատեց Թ. Գլպաշեան:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան նման աշխատանքի մը:

Աւարտին իր ողջոյնի խօսքն ու հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նաեւ օրհնեց հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ ԼՕԽ-ի երկար տարիներու երազներու մարմնաւորումը` «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանը:

 

Share this Article
CATEGORIES