Սրբոց Հռիփսիմեանց Նահատակութեան Տօնի Նշում

Երկուշաբթի, 4 յունիս 2012-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց կուսանաց նահատակութեան տօնը նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Հաւատացեալները այս տարի եւս խուռներամ ուղղուեցան եկեղեցի` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու քրիստոնեայ կոյսերուն, որոնք անցեալին մեկնակէտն էին հայկական պետականութեան եւ  այսօր ալ կը շարունակեն մնալ հաւատքի կերտման մէկական կոթողներ: Հռիփսիմեանց կուսանաց կատարած գործն ու անկոտրում կեցուածքը դարեր շարունակ խրախուսեցին հայ ժողովուրդը, որպէսզի ամրակուռ եւ քրիստոնեայի վայել քայլերով ընդառաջ երթայ` դիմագրաւելով ամէն տեսակ արհաւիրքներ, դիմանալու բազմատեսակ աղէտներու: Հայը քրիստոնէութեան իր պատմութեան ընթացքին նմանօրինակ չարչարանքներու հանդիպեցաւ ինչպէս Հռիփսիմեանց կոյսերը, խոցոտուեցաւ, խողխողուեցաւ, իր իսկ երկրէն բռնի կերպով տեղահանուեցաւ, մահուան դատապարտուեցաւ, սակայն թոյլ չտուաւ որ ուրիշներու ձեռամբ  դասաւորուած «ճակատագիրը» իրականանայ: Հայ ժողովուրդը իր նահատակները վերածեց իր իսկ գոյատեւման հիմնաքարին, որուն վրայ հիմնեց պայքարի, գոյատեւման եւ հաւատքի դրսեւորման նորանոր ճամբաները:

Հաւատացեալները օրին մատուցուող Ս. եւ անմահ պատարագին նախօրէին 15 օրերու ընթացքին պարտաճանաչութեամբ հետեւեցան առօրեայ աղօթքներուն:

16 մայիս 2012-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ բացումը ամէնօրեայ աղօթքներուն:

15 օր տեւող Հռիփսիմեանց աղօթքներուն ու արարողութիւններուն առընթեր տեղի ունեցան նաեւ արդէն սովորութիւն դարձած եւ բոլորին համար շատ սիրելի Ս. Աստուածամօր նուիրուած աղօթքները:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին պատգամին համաձայն, «Հռիփսիմեանց կոյսերը Ս. Մարիամ Աստուածածնայ օրինակով ապրեցան եւ նահատակուեցան, այս պատճառով ալ մենք կազմակերպեցինք այս աղօթքները: Խորքին մէջ ամէն հայուհի, պատմութեան ընդմէջէն նոյն օրինակին հետեւած է, եւ նոր սերունդն ալ պէտք է Ս. Աստուածամայրը օրինակ առնէ` դառնալու համար զոհուող եւ նուիրուած մայր»:

«Նուիրուածութիւնը կնոջ արժանիքն է եւ զոհողութեան զգացումը նոյնպէս, որոնք հայ ընտանիքին եւ հայ ընկերութեան առողջ հիմերն են, պէտք է լաւ պահպանել այս արժանիքները եւ չզոհել այլ աշխարհիկ եւ անցողիկ իրողութիւններու համար: Հռիփսիմէ կրնար Տրդատ թագաւորի կինը դառնալ, վայելել փառք, հարստութիւն եւ ամենատիրութիւն, սակայն իր Աստուծոյ նկատմամբ նուիրուածութիւնը այնքան հզօր էր, որ զոհողութեան զգացումով դրդուած յանձն առաւ տաժանակիր մահը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Ս. պատարագի աւարտին սրբազան հայրը քահանայից եւ դպրաց դասու շքերթին ընկերակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Ս. Հռիփսիեանց կուսանաց մատուռէն սրբուհիներուն մասունքը կրող խաչաձեւ մասնատուփը եկեղեցւոյ Ս. Խորան բարձրացուց եւ կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES